Զելենսքիի գրասենեակը յայտնած է ՆԱԹՕ-ի անդամակցութենէն հրաժարելու պայմանը

Զելենսքիի գրասենեակը յայտնած է ՆԱԹՕ-ի անդամակցութենէն հրաժարելու պայմանը

Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Միխայիլ Փոտոլեաք յայտնած է այն պայմանը, որու պարագային Քիեւը կը քննարկէ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու մտադրութենէն հրաժարելու հարցը: Փոտոլեաք նշած է, որ հարկաւոր են անվտանգութեան երաշխիքներ:

Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարին խորհրդականը նշած է, որ ուքրանական կողմը պատրաստ է առանցքային կէտերու շուրջ կառուցողական բանակցութիւններու:

«Ինչ կը վերաբերի քաղաքական հարցերուն, Զելենսքին չի վախնար ռուսական կողմին հետ խօսելէ որեւէ քաղաքական հարցի մասին: Բայց բնական է, որ մենք կը պաշտպանենք մեր ազգային պետականութիւնը, մեր ազգային իրաւունքները: Եւ պէտք է ստանանք մեր անվտանգութեան երաշխիքներու յստակ եւ ճշգրիտ իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող փաթեթ այն պայմաններուն մէջ, երբ ՆԱԹՕ-ն բացայայտ կ'ըսէ, որ Ուքրանիոյ անդամակցում պիտի չըլլայ: Մանրամասներու մասին հիմա խօսիլը անիմաստ է: Հիմա գլխաւորը Ուքրանիան ֆիզիքապէս պաշտպանելն է», ըսած է Փոտոլեաք: