Հետախուզական ծառայութիւններու նախազգուշացումները՝ ռուսական հարուածներու մասին, տակաւին ուժի մէջ են։ Հաւանական է լայնածաւալ հարուած։ Ռուսերը նախապատրաստուած են ատոր։ Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի։
«Այս տարուան Յունուարէն մինչեւ Մայիս, մեր զինուորականները յաջողած են հարուածել ռուսական 15 նաւթավերամշակման գործարաններ։ Ատիկա նշանակալի արդիւնք է։ Ռուսիան արդէն սահմանափակումներ դրած է իր տարածքէն օդանաւային վառելիքի եւ պենզինի արտածման վրայ, իսկ այժմ կը քննարկուի նաեւ տիզելային վառելիքի արտածման արգելքը։ Մինչեւ վերջերս «պենզալցակայան» կոչուող երկրի համար նոյնիսկ այս կորուստը նշանակալի դէպք է, լուրջ վնաս։
Մայիս ամսուան դրութեամբ, Ռուսիոյ նաւթավերամշակման կեդրոններուն մօտ 40 առ հարիւրը շարքէ դուրս բերուած է»,– յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահը։