image

Զահլէի մէջ հանդիպում. Քննարկուած է հայ զինծառայող Փաթրիք Պեքարեանի պարագան

Զահլէի մէջ հանդիպում. Քննարկուած է հայ զինծառայող Փաթրիք Պեքարեանի պարագան

Զահլէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին շեշտուած է իսրայէլեան բանակին կողմէ ձերբակալուած լիբանանահայ զինուոր Փաթրիք Պեքարեանի հարցը։ Այս առթիւ ալ հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնած են Իպրահիմ արք.ին, վերջինիս ցուցաբերած հայրական մօտեցումին եւ հետաքրքրութեան համար։

Լիբանանեան Ֆըրզոլ, Զահլէ եւ Պեքայի Յոյն Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ՝ Իպրահիմ Մխայէլ Իպրահիմ արքեպիսկոպոսը օրերս ընդունած է Զահլէի քաղաքապետարանի անդամ Քարոլին Զիատէ Փամպուքեանը,ընկերակցութեամբ  փաստաբան Նազարէթ Անտեքեանի։ 

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են քաղաքին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ գնահատական տրուած է մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն, շեշտելով Զահլէի մէջ կրօնական զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու կարեւորութիւնը, ի մասնաւորի ամառնային շրջանին։

 Իր կարգին Տիկին Զիատէ շնորհակալութիւն յայտնած է արքեպիսկոպոս Իպրահիմին, մասնաւորապէս  նշելով Զահլէցի հայ երիտասարդ  Փաթրիք Պեքարեանի ընտանիքին հանդէպ ցուցաբերուած մարդասիրական վերաբերմունքին համար, յատկապէս անոր կողմէ երէկ հրապարակուած յայտարարութեան՝ ուր կը պահանջուէր բացայայտել լիբանանահայ զինուորի ճակատագիրը, յոյս յայտնելով, որ ան ողջ եւ առողջ պիտի վերադառնայ իր ծննդավայրը եւ միանայ իր ընտանիքին։ 

Հանդիպման ընթացքին նաեւ շեշտուեցաւ Զահլէի մէջ կրօնական զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու կարեւորութիւնը՝ ամառնային եղանակի սկիզբին, նկատի ունենալով, որ քաղաքը հարուստ է եկեղեցիներով եւ կրօնական կեդրոններով, որոնք կը գրաւեն այցելուներ եւ ուխտաւորներ՝ Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եւ արտասահմանէն։