Ժամկէտային զինծառայող Արամայիս Գէորգեանը ինքնասպանութեան հասցնելու գործը ուղարկուած է դատարան։ Գործով չորս ամբաստանեալ կայ։
Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։
Յիշեցնենք, որ Արցախէն 20-ամեայ Արամայիս Գէորգեանի դին յայտնաբերուած էր այս տարուան Յունիսին՝ Կապանի զօրամասերէն մէկուն մէջ, կախուած վիճակի մէջ։
Ըստ մեղադրանքի՝ ջոկատի հրամանատարը՝ կրտսեր սերժանտը, երեք շարքային զինծառայողներու հետ, Արամայիս Գէորգեանի անձնական պատիւն ու արժանապատուութիւնը նուաստացնելու միջոցով, անզգուշութեամբ զայն հասցուցած են ինքնասպանութեան։
Չորս զինծառայողներն ալ կալանաւորուած են։