Օրերս Յունաց Սէրէէս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Համա-յունական վարժարաններ»ու ամէնամեայ մրցաշարքին կիպրահայ Անդրանիկ կրտսեր Աշճեան հերթական անգամ աչքի ինկաւ նոր յաջողութիւններով։
«Արեւելք»ի Կիպրոսի աղբիւրին հաղորդմամբ Աշճեան կրտսեր կարողացած է ցատկիլ 15,13 մեթր հեռաւորութիւնը եւ տիրանալ ոսկեայ մետայլին։
Ի դէպ առաջին անգամը չէ, որ Անդրանիկ-Սարգիս Աշճեան նման փայլուն արդիւնք մը գրանցէ պատիւ բերելով, ոչ միայն կիպրահայ համայնքին, այլ նաեւ ամբողջ Կիպրոսին։
Մեր ընթերցողաց յիշեցնենք, որ Անդրանիկ-Սարգիս Աշճեան որդին է կիպրահայ համայնքային գործիչ՝ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեանին։
Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք խոստմնալից մարզիկին։