image

Ըստ Փութինի Թուրքիան ամենայուսալի գործընկերն է

Ըստ Փութինի Թուրքիան ամենայուսալի գործընկերն է

Ռուսիան ոչ մէկուն կը մերժէ ուժանիւթի միջոցնրու հարցով, իսկ ստեղծուած իրավիճակին մէջ, ինչպէս պարզուեցաւ, ամենայուսալի գործընկերը Թուրքիան է։ Այս մասին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է Պաւել Զարուպինին տուած հարցազրոյցին մէջ, որմէ հատուած մը լրագրողը տեղադրած է Telegram ալիքին վրայ։

«Անընդհատ կ՚ըսէին՝ Ռուսիան չի տար, Ռուսիան կը սահմանափակէ։ Մենք ոչինչ կը սահմանափակենք: Մենք ամէն ինչ կու տանք, ահա խնդրեմ: Ինչպէս պարզ դարձաւ՝ թուրքերն ամենայուսալի գործընկերն են։ Այնտեղով՝ «Թրքական հոսք»-ով (կազը կ՚երթայ Եւրոպա)»,-ըսած է պետութեան ղեկավարը։

Փութինի խօսքով՝ եւրոպական երկիրները յոյս ունէին, որ եթէ չգնեն ռուսական կազը, Ռուսիան կը փլուզի։ Բայց եւրոպական տնտեսութեան մէջ արդէն անշրջելի գործընթացներ սկսած են, նշած է Ռուսիոյ նախագահը։