image

Հայկական ժողովրդական պարերը վերակենդանացան Տիյարպէքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ

Հայկական ժողովրդական պարերը վերակենդանացան Տիյարպէքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ

Տիյարպէքիրի Ս. Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ, օրեր, եռօրեայ աշխատանոցով վերակենդանացուած է պատմական հայկական աւանդական պարերը։ Նախաձեռնութիւնը կը համախմբէ հայ համայնքի անդամներ եւ քաղաքի բնակիչներ՝ նպատակ ունենալով մոռացութեան մատնուած մշակութային ժառանգութիւնը փոխանցել նոր սերունդներուն։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Տիյարպաքըրի պատմական Ս. Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ սկսած է եռօրեայ աշխատանոց մը, որուն նպատակն է վերակենդանացնել ժամանակի ընթացքին մոռցուած հայկական աւանդական պարերը։

Նախաձեռնութեան կազմակերպիչն է Արամ Ղազարեան, որ կը հանդիսանայ Ֆրանսայի մէջ գործող եԵրկիր Եւրոպա, կազմակերպութեան պատասխանատուներէն մէկը։ Ան վերջին տարիներուն Թուրքիոյ զանազան շրջաններու մէջ կը զբաղի հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու հանրահռչակման ծրագիրներով։

Հայկական աւանդական պարերու աշխատանոցին մասնակցութիւն կը բերեն ո՛չ միայն Տիյարպաքըրի հայ համայնքի անդամներ, այլ նաեւ քաղաքի բազմաթիւ բնակիչներ։ Մասնակիցները սորված են Տիյարպաքըրի եւ շրջակայ գաւառներու հայերու երբեմնի ժողովրդական պարերը, որոնք երկար տասնամեակներու ընթացքին գրեթէ մոռացութեան մատնուած էին։ Երաժշտութեան ընկերակցութեամբ կը ներկայացուին զանազան պարեր, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ։

Արմէն Ղազարեան, խօսելով նախաձեռնութեան մասին, յայտնեց թէ շուրջ 15 տարիէ ի վեր Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու մէջ մշակութային ծրագիրներ կը կազմակերպեն։ Նշեց, որ այս նախաձեռնութիւնը առաջին քայլն է, իսկ յառաջիկային կը նախատեսեն իրականացնել աւելի ընդարձակ ծրագիրներ, որոնք պիտի ներառնեն նաեւ հայկական երգեր, մեղեդիներ, հէքեաթներ եւ տեղական մշակութային ժառանգութեան այլ բաղադրիչներ։ Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի Տիյարպաքըրի քաղաքապետարանին եւ տեղական մշակութային հաստատութիւններուն հետ։

Դիտել տանք որ ծրագիրը կազմակերպուած է Տիյարպաքըրի Մայր քաղաքապետարանի, Արամ Տիգրան երաժշտանոցի, Տիգրիս-Եփրատ միութեան, Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի եւ տեղական մշակութային այլ կառոյցներու համագործակցութեամբ։

Այսպիսի ձեռնարկ մը առաջին անգամ կը կազմակերպուի եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Ան նշեց որ շուրջ մէկ դար առաջ Տիյարպաքըրի մէջ լայնօրէն տարածուած հայկական պարերը այսօր գրեթէ մոռցուած են, եւ այս աշխատանոցը կարեւոր առիթ է զանոնք փոխանցելու նոր սերունդներուն։ Եռօրեայ ձեռնարկը բաց է բոլոր փափաքողներուն եւ նպատակ ունի հայկական ժողովրդական պարերու վերարժեւորումը՝ համայնքային ու մշակութային հաղորդակցութեան մթնոլորտի մէջ։