Իրանը կրնայ վնաս հասցնել Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան տնտեսական շահերուն՝ պատժամիջոցներու ճնշման ուժեղացման պարագային։ Նման նախազգուշացմամբ հանդէս եկած է Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհսէն Ռեզային։
«Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի վրայ տնտեսական ճնշման ուժեղացման պարագային մենք պիտի պատասխանենք հակամիջոցներով, որոնք պիտի շօշափեն ամերիկեան շահերը տարածաշրջանին մէջ»,– նշած է ան լիբանանեան Al Manar հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ՝ սակայն չյստակացնելով, թէ յատկապէս ինչպիսի հակամիջոցներու մասին է խօսքը։
Ռեզային աւելցուցած է, որ իր կարծիքով՝ Միացեալ Նահանգներու անցումը Թեհրանի վրայ տնտեսական ճնշման վկայութիւն է այն բանին, որ հակամարտութեան լուծման ռազմական մօտեցումը սահմանափակ արդիւնք կու տայ։
Աւելի վաղ Axios-ը հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգները տեսանելի ապագային նոր հարուածներ Իրանին հասցնելու ծրագիր չունի եւ պիտի կեդրոնանայ Թեհրանի վրայ ճնշում գործադրելու այլ միջոցներու, ներառեալ՝ պատժամիջոցներու կիրառման վրայ։