image

Իրանի դիրքորոշումը խաղաղութիւնն ու համագործակցութիւնն է․ Փեզեշքիան

Իրանի դիրքորոշումը խաղաղութիւնն ու համագործակցութիւնն է․ Փեզեշքիան

 

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը երկրի նորանշանակ դեսպաններուն կոչ ուղղած է միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ առաջնորդուելու խաղաղութեան եւ հաւասար համագործակցութեան սկզբունքներով։

Օգոստոս 27-ին Թեհրանի մէջ հինգ նոր դեսպաններու նշանակման արարողութեան ընթացքին Փեզեշքիանը յայտարարած է, որ Իրանի արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է խաղաղութեան եւ հաւասար համագործակցութեան յանձնառութեան վրայ։

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մօտեցումը միջազգային ասպարէզին մէջ միշտ եղած է խաղաղութեան եւ համագործակցութեան վրայ կեդրոնացած։ Դեսպանները պէտք է այս դիրքորոշումը փոխանցեն միջազգային հանրութեան», ըսած է ան։

Իրանի նախագահին համաձայն՝ ընդարձակապաշտութիւնը որեւէ պետութեան երկարաժամկէտ շահերը ապահովելու միջոց չէ։

«Ոչ մէկ երկիր կրնայ իր շահերը ապահովել չափազանց մեծ յաւակնութիւններու միջոցով։ Կայուն զարգացումը կարելի է միայն փոխշահաւէտ համագործակցութեան միջոցով», ընդգծած է ան։