image

ԵԱՏՄ կամ ԵՄ-ի միջեւ ընտրութիւն կատարելու խնդրի առջեւ չենք. նախարար

ԵԱՏՄ կամ  ԵՄ-ի միջեւ ընտրութիւն կատարելու խնդրի առջեւ չենք. նախարար

Հայաստանը ներկայիս ընտրութիւն չունի Եւրոմիութեան անդամակցելու եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ մնալու միջեւ, քանի որ երկիրը դեռ պէտք է իր չափանիշերը համապատասխանեցնէ եւրոպական չափանիշերուն։ Այս մասին ըսած է ելեւմուտի նախարար Վահէ Յովհաննիսեանը Շանթ հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին, որ հեռարձակուած է հինգշաբթի երեկոյեան։

«Վարչապետն էլ դրա մասին խօսել է եւ ասել է, որ նման հարց գոյութիւն չունի, որովհետեւ այսօր Հայաստանը չի կարող մտնել Եւրամիութիւն, վաղն էլ չի կարող, միւս տարի էլ չի կարող, որովհետեւ այդ ստանդարտները պէտք է բարելաւուեն»,-ըսած է Յովհաննիսեանը։

Նախարարի խօսքով՝ դէպի Եւրոմիութիւն շարժիլը նախեւառաջ կը նշանակէ Հայաստանի չափանիշերու փոփոխութիւն եւ համապատասխանեցում եւրոպական չափանիշերուն։

«Իմ ընկալմամբ՝ դէպի Եւրամիութիւն շարժուելը հայաստանեան ստանդարտների փոփոխութիւնն է։ Այսինքն՝ մինչեւ դու Եւրամիութեան անդամ դառնաս, դու պէտք է քո բոլոր ստանդարտները տարբեր ուղղութիւններով համապատասխանեցնես եւրոպական չափանիշներին»,-ըսած է ան։

Յովհաննիսեանը նշած է, որ այդ փոփոխութիւնները Հայաստանի համար կարեւոր են՝ անկախ անկէ՝ երկիրը երբեւէ պիտի դառնայ ԵՄ անդամ, թէ ոչ։

«Երբ որ մենք կը փոխենք մեր ստանդարտները եւ կը համապատասխանենք եւրոպական ստանդարտներին եւ կը համապատասխանենք ընդհանրապէս Եւրոպա մտնելու չափանիշներին, այն ժամանակ կարող է հարց առաջանալ՝ Հայաստանի ընտրութիւն կատարելու։ Մինչեւ էն ժամանակ, երբ որ դուք ընտրութիւն կատարելու բան չունէք, դուք դեռ աշխատանք ունէք անելու ձեր ստանդարտները լաւացնելու ուղղութեամբ, մինչեւ այդ պահը այդ ընտրութիւնը գոյութիւն չունի»,- ըսած է նախարարը։

Ան աւելցուցած է, որ սեփական չափանիշերու որակի բարձրացումը խնդիր չէ նաեւ ԵԱՏՄ-ի տեսանկիւնէ, քանի որ անդամ պետութեան որակական առաջընթացը, ըստ անոր, օգտակար է նաեւ միութեան համար։ «Մենք նոյնիսկ ասել ենք, որ այն, որ Հայաստանը ուզում է իր ստանդարտները բարելաւել ԵԱՏՄ շրջանակներում, դա շատ օգտակար գործողութիւն է, որովհետեւ ԵԱՏՄ անդամ պետութիւնը բարելաւում է իր որակը, եւ այստեղ ես կարծում եմ որեւէ մեծ խնդիր չկայ»,- ըսած է Յովհաննիսեանը։

Կառավարութեան անցած շաբաթ ներկայացուցած 2026-2031 թուականներու ծրագիրին մէջ ԵՄ անդամակցութիւնը որպէս կառավարութեան հնգամեայ նպատակ կամ յանձնառութիւն նշուած չէ։ Փաստաթուղթը կը խօսի «Եւրոպական միութեան հետ ռազմավարական գործընկերուեթեան խորացման», ոլորտային համարկման եւ Հայաստանի չափանիշները ԵՄ չափանիշներուն համապատասխանեցնելու մասին։ Այն նաեւ յղում կ՚ընէ 2025-ի «Եւրոպական միութեանը Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին» օրէնքին։ Կառավարութեան ծրագիրի ակնկալուող արդիւնքներու շարքին նշուած է Հայաստանի քաղաքացիներու համար ԵՄ մուտքի վիզաներու ազատականացումը։