Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը օգոստոս 14-ի նիստին դիմած է «Ուժեղ Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութեան պատգամաւոր Էդգար Ղազարեանին՝ հետաքրքրուելով, թէ արդեօք ան ըսելու բան ունի նախօրէին տեղի ունեցած միջադէպի վերաբերեալ։
Ղազարեանը պատասխանած է, որ Ազգային ժողովի կանոնակարգը նման ձեւաչափով պատգամաւորներու միջեւ քննարկումներ չի նախատեսեր։
Այնուհետեւ Ռուբինեանը նոյն հարցն ուղղած է «Ուժեղ Հայաստան» ընդդիմադիր դաշինքի խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանին։ Ստանալով բացասական պատասխան՝ Ազգային Ժողովի նախագահը յայտարարած է.
«Շատ լաւ, յարգելի գործընկերներ, դուք ընտրել էք այս ճանապարհը»։
Յիշեցնենք, որ օգոստոս 13-ին Էդգար Ղազարեանի՝ Ազգային ժողովէն ներս ունեցած ելույթէն ետք իշխանութեան ներկայացուցիչներու եւ ընդդիմադիր պատգամաւորներու միջեւ վէճ բռնկած էր։
Միջադէպը տեղի ունեցած էր արտաքին յարաբերութիւններու մշտական խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան առաջադրած Սարգիս Խանդանեանի թեկնածութեան քննարկման ժամանակ։
Ղազարեանի՝ իշխող կուսակցութեան պատգամաւորներու հասցէին հնչեցուցած վիրաւորական արտայայտութենէն ետք նիստը ընդհատուած էր 20 րոպէով։
Վէճը շարունակուած էր խորհրդարանի միջանցքին մէջ, սակայն ֆիզիքական բախում չէր արձանագրուած։
Նիստի վերսկսումէն ետք Ռուբինեանը յայտարարած էր, որ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութիւնը Ղազարեանէն ներողութիւն կը սպասէ։
Իր հերթին, Նարեկ Կարապետեանը Ղազարեանի արտայայտութիւնը գնահատած է որպէս քաղաքական բարեկարգութեան չափանիշի խախտում՝ նշելով, որ իրենց խմբակցութիւնը հետագայ քայլերը պիտի քննարկէ «իր նիստի» ընթացքին։