Ռուսիոյ եւ ԵԱՏՄ-ի միւս երկիրներու հետ Հայաստանի առեւտուրի կրճատումը ցնցումներու պիտի չյանգեցնէ, քանի որ հանրապետութեան բաժինը Ռուսիոյ արտաքին առեւտուրին մէջ մեծ չէ։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ ԱԳՆ ԱՊՀ երկիրներու առաջին վարչութեան տնօրէն Միքայէլ Աղասանդեանը։
«Ատիկա որեւէ կրիտիկական ցնցումներու պիտի չյանգեցնէ, քանի որ Ռուսիոյ արտաքին առեւտուրին մէջ Հայաստանի բաժինը այնքան ալ բարձր չէ, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան ապրանքաշրջանառութիւնը Պելառուսիոյ, Ղազախստանի եւ Ղրղզստանի հետ աննշան է»,– ըսած է Աղասանդեանը։
Ան նաեւ յայտարած է, որ Հայաստանը կը փորձէ իր ապրանքներու արտահանումը վերակողմնորոշել դէպի Եւրոպական Միութիւն, սակայն մատակարարումներու ծաւալը նուազագոյն է՝ հակառակ լաւատեսական յայտարարութիւններուն։
«Հայկական ապրանքներու արտահանման հոսքը դէպի այլ շուկաներ, մասնաւորապէս՝ դէպի Արեւմուտք, վերակողմնորոշելու փորձ, անշուշտ, կայ»,– ըսած է Աղասանդեանը։
Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս նշած է վարչութեան տնօրէնը, այդ փորձը չի վերացներ հանրապետութեան մէջ արտադրանքի անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ արդիւնաւէտ եւ համակարգային աշխատանք կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը։
«Եւրոպական Միութեան մէջ եւս կը գործեն սանիտարական եւ բուսասանիտարական պահանջներ, թէեւ որոշ առումներով անոնք կը տարբերին մեր պահանջներէն, իսկ Հայաստանէն ԵՄ մատակարարումներու ծաւալը, հակառակ լաւատեսական յայտարարութիւններուն, առայժմ նուազագոյնն է»,– ընդգծած է ան։