image

Մայր իմ անուշ․ կարօտի, սիրոյ եւ անմոռանալի յիշատակի տողեր

  Մայր իմ անուշ․ կարօտի, սիրոյ եւ անմոռանալի յիշատակի տողեր

Կան կարօտներ, որոնք ժամանակի ընթացքին չեն մարի, եւ կան անուններ, որոնց յիշատակն անգամ կը լեցնէ հոգին անբացատրելի ջերմութեամբ։ Մայրը այդ անունն է՝ կեանքի առաջին լոյսը, անսահման սիրոյ, զոհողութեան ու աղօթքի աղբիւրը։ Ան հեռանալէ ետք ալ կը շարունակէ ապրիլ իր զաւակներուն յիշողութիւններուն, սրտերուն եւ կեանքին մէջ։ Աննի Յարութիւնեանի այս յուզիչ տողերը նուիրուած են իր անմոռանալի մօր՝ Ուիտատ Յարութիւնեանի պայծառ յիշատակին, որ իր ընտանիքին համար եղած է սէր, ջերմութիւն, հաւատք եւ անձնուիրում։

 

 

Աշխարհի վրայ կան բառեր, զորս լսելու պահուն իսկ ջերմութիւն կը տիրէ մարդուն հոգիին մէջ: Այդ բառերուն ամէնէն խորիմաստը  եւ հնչեղը ՄԱՅՐ բառն է:

Մայրը միայն կեանք տուող էակ մը չէ, այլ ամէնէն թանկ եւ անփոխարինելի, կեանքը իմաստաւորող, պաշտպանող եւ սիրով սնուցանող անձնուէր նուիրեալ մը:

Մօր մը սէրը չափ ու սահման չունի: Անշահախնդիր սէր է անիկա, որ ոչ մէկ բանէ կախեալ է:

Մա՛յրը միայն պատրաստ է իր հանգիստը, քունն ու երազները զոհելու յանուն իր զաւակներուն:

Մայրը` որպէս առաջին դաստիարակ, զաւկին հոգիին մէջ կը սերմանէ բարութեան, ազնուութեան սերմերը, ինչպէս նաեւ բարոյական արժէքները:

Իմ մայրս` Ուիտատ Յարութիւնեան, աշխարհի լաւագոյն, համբերատար ու բարի էակն էր, մեր տան լոյսն ու ջերմութիւնը, հոգատարութեան մարմնաւորումը: Զաւակներուն նկատմամբ անհուն սէր կը տածէր ան` միշտ հետամուտ ըլլալով, որ անոնք ըլլան ուրախ, յաջողած, առողջ եւ հանգիստ:  Հակառակ իր  տեղացի ըլլալուն, մայրս շատ մեծ ջանք թափեց, սորվեցաւ հայերէն, խօսեցաւ մեզի հետ հայերէն, մեզի տուաւ հայեցի դաստիարակութիւն, ղրկեց հայկական վարժարան, ակումբ եւ սորվեցուց սիրել հայրենիքը: Փաստն այն է, որ իր միակ որդին իր մասնակցութիւնը բերած է 1990-ական թուականներուն Արցախեան ազատամարտերուն:

Ան ԼՕԽ-ի Արագած մասնաճիւղի անդամ էր եւ գործունեայ տարր: Ան տարիներ շարունակ շրջանի ԼՕԽ-ի աշխատանքներուն իր աշխուժ մասնակցութիւնը բերած էր` կատարելով իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները: Սակայն վերջին շրջանին, սրտի հիւանդութեան եւ  վիրահատութեան պատճառով հեռու մնաց ժողովներէն եւ աշխատաքներէն, բայց եւ այնպէս ԼՕԽ-ը միշտ մօտիկ մնաց անոր սրտին: Ինք բարի էր ու բարին կը կամենար բոլորին, իր կարողութիւններուն սահմաններուն մէջ ալ բարիք ընելով կը փորձէր բարելաւել ուրիշներու կեանքը:

Մօր մը աղօթքները կը դառնան այն կայուն հիմքը, որուն վրայ կը կառուցուի զաւկին ապագան: Մայրս շատ հաւատացեալ կին էր: Ան յատուկ ժամեր կը տրամադրէր աղօթքի, աչքերը կը յարէր երկինք եւ ամէն բանէ առաջ, իր անձնական խնդրանքներէն առաջ շնորհակալութիւն կը յայտնէր Աստուծոյ ամէն ինչին համար, զորս Տէրը կը պարգեւէր իր ընտանիքին: Մեզ ալ կը դաստիարակէր այնպէս մը, որ աղօթքը կարեւոր տեղ ունենայ մեր կեանքին մէջ:

Մա՛մ, Մա՜մ ջան, շատ կը սիրեմ քեզ. շատ կարօտցած եմ, անսահման… Միշտ սրտիս ու մտքիս մէջն ես: Ինծի համար աշխարհի վրայ չկայ քեզի նման ՄԱՅՐ:

Սիրելինե՛ր, մայրերը արժանի են մեծարանքի, սիրոյ եւ յարգանքի, յաճախ անոնց ըսէք, թէ որքա՛ն սիրելի եւ թանկագին են ձեզի համար, որովհետեւ աշխարհի մէջ ոչ ոք պիտի սիրէ ձեզ, ինչպէս ձեր մայրերը:

Ինչպէս Յովհաննէս Շիրազ  ըսած է. «Մօրս սրտի հետ աշխարհն եմ չափել` էլի մեծ էր նա, մեծ էր ու անգին»:

Մայրը բնութեան միակ հրաշքն է, որ նոյնիսկ մահուամբ չի բաժնուիր մեզմէ:

Մա՛յր իմ, որքան ալ փորձեմ բառերով արտայայտել իմ ունեցած սէրս քեզի հանդէպ, անոնք երբեք բաւարար պիտի չըլլան իսկական զգացումս փոխանցելու, սակայն այս տողերով կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել քեզի` մայր իմ անուշ:

«Իմ անգին մայրիկ,

Դու իմ գանձն ես,

Իմ անգին մայրիկ,

Սիրտս քեզ է ձայնում,

Քեզ սիրում եմ շատ,

Իմ անգին մայրիկ

Միշտ կ՛մնաս իմ ներսում»:

Խունկ ու մոմ հոգիիդ:

Կարօտալի դուստրդ`

ԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ