image

Ըստ Միրզոյեանի Ռուսիան դրական դեր ունեցած է

Ըստ Միրզոյեանի Ռուսիան դրական դեր ունեցած է

Ռուսիա արդէն իսկ կառուցողական դեր ունեցած է խաղաղութեան հաստատման հարցով։ «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։

Ան շեշտած է, որ Ռուսիա այն երկիրն է, որ կարողացած է միջնորդել եւ հրադադարի ստորագրման հասնիլ 2020 թուականի պատերազմէն յետոյ։

«Ռուսաստանն այն երկիրն է, որը միջնորդական գործընթաց է սկսել եւ Հայաստանի ու Ադրբեջանին բանակցութիւնների սեղանի բերել։ Սա այն դերն է, որը հետագայում շարունակել են ԱՄՆ-ն, Եւրամիութիւնը, տարբեր գործընկերներ, ինչպէս, օրինակ, Ֆրանսան, Գերմանիան»,- ըսած է Միրզոյեան։

Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ իր եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի վերջին հանդիպումը Ղազախիստանի մէջ էր։

ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նշած է՝ Հայաստան շնորհակալ է բոլոր այն երկիրներուն, որոնք կը փորձեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դիրքորոշումները մօտեցնել։

«Ի հարկէ, մենք միամիտ չենք, հասկանում ենք, որ բոլոր երկրներն էլ ունեն իրենց հետաքրքրութիւնները, որը միշտ չէ, որ համընկնում են Հայաստանի Հանրապետութեան հետաքրքրութեան հետ»,- ըսած է Միրզոյեան՝ աւելցնելով, որ պարտադիր չէ՝ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի հետաքրքրութիւններն ու տեսլականը համընկնին։

ՀՀ ԱԳ նախարարն ընդգծած է, որ կը ցանկար համաժողովին՝ հանրային այս քննարկման նաեւ իր ռուս գործընկերը մասնակցէր։