«Ռոսսելխոզնատզոր»-ը (Ռուսիոյ անասնաբուժական եւ բուսասանիտարական վերահսկողութեան դաշնային ծառայութիւն) յայտարարած է Թուրքիայէն կորիզաւոր պտուղներու՝ ծիրանի, բալի, կեռասի, դեղձի եւ նեքթարինի ներմուծման սահմանափակումներու մասին։
Արգիլքը կը տարածուի թրքական հինգ ձեռնարկութիւններու արտադրանքին վրայ։ Գերատեսչութեան պարզաբանմամբ՝ որոշումը պայմանաւորուած է Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) տարածքին մէջ քարանթինային վնասատուներու պարբերական յայտնաբերումով, թէեւ յստակ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր, թէ ո՛ր օրկանիզմներուն մասին է խօսքը։
Ուշագրաւ է, որ ռուսական կողմի այս քայլը յաջորդած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի՝ Քիեւ կատարած այցելութեան։
Ուքրանիացի իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպման ընթացքին Ֆիտան յայտարարած է, որ Թուրքիան պատրաստ է միանալու Քիեւին տրամադրուելիք անվտանգութեան երաշխիքներուն եւ գլխաւորելու անոնց ծովային բաղադրիչը։ Ան ընդգծած է, որ Անգարան անընդունելի կը նկատէ Սեւ ծովու մէջ ռազմական գործողութիւններու ընդլայնումը եւ վերահաստատած է Թուրքիոյ անփոփոխ աջակցութիւնը Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, ներառեալ՝ Խրիմի հարցով։
Վիճակագրական տուեալներուն համաձայն՝ Թուրքիան կորիզաւոր պտուղներու խոշորագոյն մատակարարներուն շարքին չէ։ Անցեալ տարի Ռուսիոյ շուկային մէջ առաջատար դիրքեր գրաւած են Ուզպեքիստանը (180 հազար թոն), Ատրպէյճանը (111 հազար թոն) եւ Հայաստանը (64 հազար թոն)։
Այնուամենայնիւ, Թուրքիան կը շարունակէ մնալ Ռուսիա ցիտրուսային պտուղներու հիմնական մատակարարը, ինչպէս նաեւ երկրորդ տեղը կը գրաւէ ձմերուկի եւ սեխի արտահանման ծաւալներով։