image

Ըստ ՄԱԿ-ին. Պատերազմին պատճառով գիւղատնտեսութիւնը պիտի տուժէ

Ըստ ՄԱԿ-ին. Պատերազմին  պատճառով գիւղատնտեսութիւնը պիտի տուժէ

Ռուս-ուքրաինական հակամարտութիւնը խորացուցած է պարէնային անվտանգութեան եւ բնակչութեան համար վառելանիւթի հասանելիութեան հետ կապուած խնդիրը եւ կրնայ յանգեցնել աշխարհի մէջ գիւղատնտեսական արտադրութեան անկման: Այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի  պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան (FAO) գլխաւոր տնօրէն Ցիւ Տունիւն:

«Արդէն աւելի քան երկու տարիէ COVID-19 համաճարակը կը շարունակէ բացասաբար անդրադառնալ մեր կեանքին, մեր առողջութեան եւ մեր տնտեսութեան վրայ` ամէնէն շատ հարուածելով բնակչութեան ամենաաղքատ շերտերը, որոնք ամենաշատը կը տուժեն համաճարակին հետեւանքով, ինչպէս նաեւ սննդամթերքի եւ վառելանիւթի գիներու աճէն», ըսած է ան:

ՄԱԿ-ի  պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան (FAO) գլխաւոր տնօրէնը յիշեցուցած է, որ Մարտին, համաշխարհային պարէնային գիները աճած են 12.6 տոկոսով` հասնելով մրցանշային մակարդակի, իսկ հիմնական սննդամթերքի գիներու արագ աճը, ինչպիսիք են ցորենը եւ բուսական իւղերը, սպառողներուն համար յաւելեալ ծախսեր կ'առաջացնէ ամբողջ աշխարհին մէջ, յատկապէս բնակչութեան ամենաաղքատ խաւերուն համար: