image

Ըստ չափանիշերու՝ Թուրքիան պէտք չէ ՆԱԹՕ-ի անդամ ըլլայ. Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն՝ Թուրքիոյ՝ ՇՀԿ մտնելու մասին

Ըստ չափանիշերու՝ Թուրքիան պէտք չէ ՆԱԹՕ-ի անդամ ըլլայ. Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն՝ Թուրքիոյ՝ ՇՀԿ մտնելու մասին

Թուրքիան  Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) միանալու համար պէտք է շարք մը չափանիշերու համապատասխանէ, այլ ոչ թէ ՆԱԹՕ-ի նման դաշինքներու անդամ ըլլայ, «ՌԻԱ Նովոստի»-ին ըսած է Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ)  հարցերով Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի յատուկ բանագնաց, Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ ներկայացուցիչ Պախտիյոր Խաքիմով։

«Մենք նոր անդամներու ընդունման կանոնակարգեր ունինք, որոնք շարք մը չափանիշեր կը նախատեսեն, այդ շարքին՝ պատկանիլը եւրասիական տարածաշրջանին, Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու հետ աշխուժ դիւանագիտական ​​եւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու եւ մշակութային կապերու պահպանումը եւ հակասութիւններու բացակայութիւնը, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի պատժամիջոցներու բացակայութիւնը, ինչպէս նաեւ մաս չկազմելը թշնամական կամ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամներու դէմ ուղղուած գործողութիւններուն եւ դաշինքներուն»,-ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան դեսպանը:

Ան նշած է, որ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամ է, որ Ռուսիոյ ոչ թէ պարզապէս հակառակորդ, այլ թիւ մէկ թշնամի է յայտարարած է։

Խաքիմով նշած է, որ Թուրքիոյ եւ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան կապող բոլոր դրական կողմերուն զուգահեռ կան գործօններ, որոնք մանրակրկիտ պիտի ուսումնասիրուին։