image

Յետ-համավարակ/Միեւնոյնշաբթիներու թախիծը

  Յետ-համավարակ/Միեւնոյնշաբթիներու թախիծը

Համավարակէն յետոյ մը տակաւին չկայ: Չէր մտածուած այն ժամանակ, Ժահրի առաջին ալիքին գագաթնակէտային ժամանակներուն, երբ կարծես թէ անհրաժեշտ էր ապրուող տիսթոփիային գտնել American Psycho-ի THIS IS NOT AN EXIT-էն տարբեր աւարտ մը:

Հարաւային կիսագունդին մէջ Դադար 2 է -Pausa 2. արժանթինցի լրագրող Ուկօ Ալքոնատա Մոն-ի նոր լոյս ընծայած գրքի խորագրին հետևումով (քսանհինգ անձնաւորութիւններու խորքային հարցազրոյցներու հաւաքածոյ մը, ուր անոնք կը խորհրդածեն ժահրին ձգած աշխարհին մասին): Երկրորդ ալիքը արդէն երկու ամիս է կ'իջնէ, վարակուողներու և մահերու ցած հարթակ մը կայունացած է, պատուաստի սատանայացում չէ եղած, ընդհակառակը, պատուաստումի պահանջարկ կար ինչ որ փաստ է որ հիւսիսի ամբոխներու ամենայիմարացած և բանականազուրկ հատուածներուն հակապատուաստ զառանցանքները  արձագանգ չեն գտած: Գարուն է, ամառուան զզուելի տօթին նախաճաշակը կը հրամցուի օր ընդ մէջ, բայց այդ մէկը լաւ լուր է:

Դիմակազերծման ազատագրական ժեսթը ժողովրդական չէ: Ամէն պարագայի թելադրելի չէ, ոչ ալ հետաքրքրական -առնուազն մարդատեաց հոգիներու համար, որոնք այնպէս ալ չեն հետաքրքրուած բնութեան ու տիեզերքի կենսաբանական այս զուգադիպութեան ամբողջով (միակ անձկութիւնը գոյութեան ալկորիթացման և ժահրի վերացափոխութեան մրցավազքին մէջ առաջինին յարաբերական դանդաղութիւնն է ամէն ինչ թուայնացնելու ամէն ինչի ժահրաքալիփսէն առաջ. metaverse տակաւին նոր պիտի բարելաւէ Second Life-ը, որ, ըստ երևոյթին, այնքան չհամոզեց մարդ արարածին՝ կենսաբանական էութենէն անցնելու միւս կեանքին կամ անմահութեան):

Բջիջային պաստառին վրայ թուային յատուկ մատիտով կ'արձանագրես «18.11.2021 համավարակէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը նստիմ Starbucks»: Համավարակէն առաջ չես յիշեր երբ էր վերջին անգամ առաւօտեան գրասենեակ հասնելէն առաջ հոն նստեցար: Այնքան բնական կը թուէր այն որ արձանագրելու պէտք չկար. գրի կ'առնէիր քանի մը տող, որոնք կրնային քերթուածանալ, կամ կը մնային հոն՝ Ոչնչանալու համար մեծ մոռացութեան մէջ: Համավարակէն ի վեր առաջին անգամ նստիլ հոն ուր ներկայութիւնդ արձանագրուած է մատուցողներու թէ իրերու յիշողութեան մէջ -և զարմանալիօրէն դեռ չէ սրբուած...-, գիտակցի՞լն է արդեօք «նոր նորմալ»ին: Փոփոխութիւնը ակնյայտ է նաև միւս ժեսթերուն մէջ՝ շաքարաման չկայ, ոչ ալ միւս ույտուրմաները որ սթարպաքսուրճին մէջ կը խառնէիր որպէս Փանորամիքս քուրմին Փոսիոն Մաժիքին գերիրապաշտօրէն իրական տարբերակը... կը հրամցուին՝ սուրճը խառնելու յատուկ փայտիկին հետ:

Դադար 2-ը կրնայ երրորդ ալիքին նախորդած պահը ըլլալ: Այնպէս ինչպէս առաջին դադարը, որ որպէս այդպիսին չբանաձուեցաւ այն ատեն, այսինքն՝ Ժահրի երկրորդ գալստեան նախորդող ամառուան ընթացքին, երբ կրկին բարձրացող ալիքի դաժան մահացութեան մասին ոչ իսկ կը մտածուէր: Հիմա բայց մարմինները պատուաստուած են, կրկնակի, և ամէն մարդ կը սպասէ երրորդ սրսկման: Երրորդ ալիքը պիտի գայ կ'ըսեն, բայց պիտի չըլլայ շանթահարիչ, ոչ առնուազն սպասուած Տելթա տարբերակով, որ այնպէս ալ ուշացաւ աճելու և բազմանալու Հարաւային կիսագունդին մէջ քանի որ իրմէ նուազ զարգացած ու նուազ վարակիչ տարբերակը արդէն «պլիցքրիկ»ային աւեր մը գործած էր... 

Կրնայ ըլլալ նաև որ համավարակը արդէն տեղավարակի կը փոխակերպուի, ինչ որ «դադար»ին կու տայ այլ զգայնութիւն. ապրիլ ենթադրելով որ համավարակ չկայ հակառակ դիմակներուն, ալքոլին,   ընկերային հեռաւորութեան ու հեռակայ աշխատանքային ռեժիմի որոշ շարունակականութեան, մէկ խօսքով՝ ապրիլ նոր նորմալով, և հանդիսատես ըլլալ այլուր, երրորդ, չորրորդ թէ հինգերորդ, ամէն պարագայի՝ «չպատուաստուածներու համավարակ»ի նոր թափին, մինչև որ այն հոս ալ հասնի:

Ժահրը եկած է մնալու, բայց յետ-համավարակն է արդէն –'յետ'՝ բան մը որ չի վերջանար աւարտելէ և անորոշ նորը չի կրնար անոր տեղը առնել: Հիմա արդէն իր հմայքը կորսնցուցած յետարդիականութիւնը այս գոյավիճակի իմաստասիրական բանաձևման փորձն էր: Սպանացի Մանուէլ Վիլաս իր նորագոյն վէպին՝ «Համբոյրները»ուն լոյս ըծայման առիթով տուած հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ կ'ըսէ, թէ Աֆղանիստանէն ԱՄՆ-ի հեռացումը իր մէջ ունի շատ «յետ-համավարակեան թախիծ»: Կը յիշես երեսուն տարի առաջ Ֆրանսիս Ֆուքույաման և իր «Պատմութեան Աւարտ»ի թէզը «Պաղ Պատերազմ»ին յաջորդող աշխարհի մասին, ուր այլևս գաղափարախօսական մրցակցութիւն չկայ քանի Պատմութեան հեկելեան տրամախոհական զարգացումը եկած է ցոյց տալու, որ շուկայական յարաբերութիւններու և ազատական ժողովրդավարութեան տնտեսաքաղաքական զարգացման բնորդին այլընտրանք չկայ: Այդ յետ-Պաղ Պատերազմեան աշխարհը, կ'ըսէ Ֆուքույամա իր յօդուածի աւարտին, պիտի ըլլայ ձանձրացուցիչ և թախծոտ:

Յետ-համավարակեան թախիծը սակայն ձանձրոյթին թախիծը չէ, այլ՝ միևնոյնշաբթիներու յաջորդականութեան շարունակականութիւնը պատշգամին, ուր առիթը չես փախցներ վերադառնալու Վիլասի վէպին, որ համավարակին մասին է, և ժահրին, և ինքնամեկուսացման, բայց մանաւանդ վաթսունի մօտ արդէն յառաջացած տարիքին սիրոյ մասին, սիրելու, այսինքն՝ դպնալու արգելքի Օրուէլեան մթնոլորտին մէջ հասկնալու, որ «ուրիշ մարմնի մը ցանկութիւնը միակ իրականն է այս աշխարհին մէջ: Միակ որոշը», ինչպէս կը գրէ հեղինակը Սերվանթէս կարդալով իր լոքտաունի ժամանակ:

Եւ կը մտածես այն գիրքերուն ու ժապաւէններուն մասին որ միևնոյնշաբթիներու իրերարայաջորդականութեան, և անոնցմէ առաջ -եթէ առաջ մը կար երբեք- այդ բոլոր տարիներուն, կերտեցին քեզ և թերևս, թերևս, ալկորիթացման քաղաքակրթական Մեծ Վերացափոխութեամբ քեզմէ ձգեն այն ինչ որ ես՝ «ոչիչ անանուն» -ինչպէս վէպին զուգահեռ ընթերցուող քերթուածը քեզ կը յուշէ մտերիմ:

 

 

 Խաչիկ Տէր Ղոկասեան 

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ծնած է Պէյրութ, ուր ստացա...