Ազգային ժողովը 2-րդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «ՀՀ հարկային օրէնսգիրքի» փոփոխութիւնները, եւ ֆիզիքական անձանց կողմէ 2024 թուականի համար յայտարարագիր ներկայացնելու ժամկէտը մայիս 1–էն երկարաձգվեց մինչեւ նոյեմբերի 1։
Օրինագիծն ընդունուած է 60 կողմ, 1 դէմ, 29 ձեռնպահ ձայներով։
2024 թուականի յայտարարագրի ներկայացման վերջնաժամկէտ սահմանուած է 2026 թուականի մարտ 2–ը։
Մինչեւ նոյեմբերի 1-ը յայտարարագիր չներկայացնելու համար նախատեսուած է նախազգուշացում։ Այդ ընթացքին ՊԵԿ–ը քաղաքացիին պարբերաբար պիտի հարցնէ, թէ ինչով կրնայ օգնել։
Եթէ քաղաքացին 30 օրուան ընթացքին յայտարարագիր չներկայացնէ, ապա տուգանքը պիտի ըլլայ խորհրդանշական 5000 դրամ։ Եթէ այս ժամկէտն էլ չարաշահուի եւս 30 օրով, ապա տուգանքը պիտի կրկնապատկուի` կազմելով 10 հազար դրամ։
Յիշեցնենք, որ վարձու աշխատող, ինչպէս նաեւ քաղաքացիաիրաւական պայմանագրերու շրջածիրէն ներս հարկուող եկամուտ ստացած քաղաքացիները պէտք է յայտարարագիր ներկայացնէին մինչեւ մայիսի 1–ը։ Աւելի ուշ յայտարարագիր լրացնելու ժամկէտները երկարաձգուեցան մինչեւ նոյեմբեր։
Եթէ յայտարարագիր ներկայացնող անձը կատարած է սոցիալական ծախս, ապա ունի փոխհատուցման իրաւունք, որու առաւելագոյն չափը տարեկան 100 հազար դրամն է։