ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ երկարաձգած է Իրանի հետ հրադադարի ժամկէտը մինչեւ կիրակի՝ ապրիլ 26, կը հաղորդէ Ynet-ը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն։
Սպիտակ տունը արդէն զգուշացուցած է իսրայէլեան կողմը այս որոշման մասին, յայտնած են պարբերականի աղբիւրները։
Թրամփ հրապարակաւ չէ յայտարարած նոր վերջնաժամկէտին մասին։ Վերջին շաբաթներուն ան հրադադարի համար քանի մը ժամկէտ սահմանած է եւ բազմիցս յետաձգած զանոնք։
ԱՄՆ-ի մէջ աւելի վաղ ստացուած հաղորդագրութիւնները հակասական տեղեկութիւններ կը պարունակէին երկարաձգման մասին՝ սկիզբը այն նկարագրելով որպէս անժամկէտ, ապա ենթադրելով, որ այն պիտի տեւէ երեքէն հինգ օր, իսկ աւելի ուշ նշելով, որ յստակ ժամանակացոյց ընդհանրապէս գոյութիւն չունի։
Իսրայէլացի պաշտօնեաները կասկածանքով արտայայտուած են, թէ նոր վերջնաժամկէտի համաձայնութիւն պիտի ձեռք բերուի, քանի որ երկու կողմերն ալ կը շարունակեն ամուր դիրքեր գրաւել բանակցութիւններուն մէջ՝ առնուազն հրապարակային կերպով։
Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Նահանգները կը պահպանէ իր ծովային շրջափակումը Իրանի դէմ, իսկ Թեհրանը պատասխանած է Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւեր կանգնեցնելով եւ շրջանին մէջ գտնուող նաւերուն ուղղութեամբ կրակ բանալով։