image

Դատախազը միջնորդած է Սամուէլ Կարապետեանի տնային կալանքի ժամկէտը երկարաձգել եւս 3 ամիսով

Դատախազը միջնորդած է Սամուէլ Կարապետեանի տնային կալանքի ժամկէտը երկարաձգել եւս 3 ամիսով

Դատախազը միջնորդած է Սամուէլ Կարապետեանի տնային կալանքի ժամկէտը երկարաձգել եւս երեք ամիսով։ Այս մասին հաղորդած է Ազատութիւնը։

Փաստաբան Արամ Վարդեւանեանը յայտարարած է, դեռ երէկ դիմած են դատարան, որ փոխուի Կարապետեանի տնային կալանքը։ Ան ըսած է՝ իրենց համար րոպէն ալ կարեւոր է, որ Սամուէլ Կարապետեանն ազատ արձակուի տնային կալանքէն, որ կարենան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին ներկայացուող ցուցակի հետ կապուած աշխատանքները ընել:

Փաստաբան Արամ Վարդեւանեանը ներկայացնելով իրենց միջնորդութիւնն ըսած է՝ Կարապետեանը հիմա չի կրնար մասնակցիլ ընտրացուցակի կազմման: Առաջիկային կուսակցութեան համագումարն է, որ պէտք է հաստատէ ընտրացուցակի առաջին 30 անուններն ու յաջորդականութիւնը:

Յիշեցնենք, որ այս պահուն Հակափտածութեան դատարանէն ներս կը քննուի Սամուէլ Կարապետեանի գործը։