image

Սամուէլ Կարապետեանի տնային կալանքը երկարաձգուեցաւ

Սամուէլ Կարապետեանի տնային կալանքը երկարաձգուեցաւ

Հակափտածութեան դատարանը մէկ ամիսով երկարացուց Սամուէլ Կարապետեանի խափանման միջոց տնային կալանքի ժամկէտը, այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնած է փաստաբան Արամ Վարդեւանեանը։

Նշենք որ, Հակափտածութեան դատարանին մէջ երէկ կը քննուէր Սամուէլ Կարապետեանի խափանման միջոց տնային կալանքի ժամկէտը երկարաձգելու հարցը։ Միջնորդութեան քննութիւնը տեւած է աւելի քան 10 ժամ։

Դատական նիստի ընթացքին Սամուէլ Կարապետեանի աջակիցները հաւաքուած էին Հակափտածութեան դատարանի բակ՝ իրենց աջակցութիւնը յայտնելու անազատութեան մէջ գտնուող Կարապետեանին։