image

Յանուն Արցախի ցոյց՝ Ամսթերտամի մէջ

Յանուն Արցախի ցոյց՝ Ամսթերտամի մէջ

2 սեպտեմբերին, Ամսթերտամի կեդրոնը տեղի ունեցած է հանրահաւաք՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի։

Հայ համայնքի հարիւրաւոր ներկայացուցիչներ հաւաքուած էին հրապարակ՝ Արցախի, Հայաստանի եւ Հոլանտայի դրօշակներով եւ ցուցապաստառներով՝ կոչ ընելով դադրեցնելու Արցախի մէջ իրականացուող ցեղասպանութիւնն ու ցեղային զտումները։

Հանրահաւաքին մասնակցած են նաեւ հոլանտացիները, մասնաւորապէս՝ Հոլանտայի խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Հարի վան Պոմել։

Ցուցարարները նաեւ վանկարկած են «Բացէ՛ք Լաչինի միջանցքը» կոչը։