image

Յակոբ Բագրատունի վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի ազդեցիկ խորհուրդի անդամ

Յակոբ Բագրատունի վերընտրուեցաւ  Խորհրդարանի   ազդեցիկ  խորհուրդի անդամ

   Լիբանանի հայ քաղաքական կեանքին մէջ իր ուրոյն տեղն ու դերը վերցուցած Բագրատունի վերջին տարիներու իր գործունէութեամբ կը յիշեցնէ հանգուցեալ երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեանը, որ ոչ միայն հայկական մակարդակի վրայ երեւելի անուն մը դարձած էր, այլ նաեւ իր ուրոյն տեղը ունէր  ներ-լիբանանեան գետնի վրայ։ 

 

Պէյրութէն վերահասու դարձանք, որ լիբանանեան խորհրդարանի անդամ Յակոբ Բագրատունի ընտրուած է նախագահներու, երեսփոխաններու եւ նախարարներու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդի անդամ։

Նշենք, որ Բագրատունիի այս ընտրութիւնը նորութիւն չէ, եւ ան աւելի վաղ ընտրուած էր այս հանգամանաւոր պաշտօնին։

Լիբանանի ՀՅԴ մարմնի եւ երկրի խորհրդարանին մէջ «Հայկական պլոք»ի ներկայացուցիչ Բագրատունի աւելի վաղ ալ (խորհրդարանի անդրանիկ նիստին) ընտրուած է տարբեր պաշտօններու, իսկ նոյն առումով ան օրեր առաջ պետական մարմիններուն մօտ յայտարարագրած էր իր ունեցուածքը։

 Լիբանանի հայ քաղաքական կեանքին մէջ իր ուրոյն տեղն ու դերը վերցուցած Բագրատունի վերջին տարիներու իր գործունէութեամբ կը յիշեցնէ հանգուցեալ երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեանը, որ ոչ միայն հայկական մակարդակի վրայ երեւելի անուն մը դարձած էր, այլ նաեւ իր ուրոյն տեղը ունէր  ներ-լիբանանեան գետնի վրայ։ 

 

 Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր հայրենակիցին։

 

Լուրը համադրաբար ՝«Արեւելք»ի