image
Հրատապ լուրեր:

Յաջորդ տասնամեակին աշխարհի մէջ գոյութիւն պիտի ունենայ հինգ թրիլիոնատէր. Oxfam

Յաջորդ տասնամեակին աշխարհի մէջ գոյութիւն պիտի ունենայ հինգ թրիլիոնատէր. Oxfam

Կ՛ակնկալուի, որ յաջորդ տասնամեակի ընթացքին հինգ մարդ կը կուտակէ առնուազն մէկական թրիլիոն տոլար կարողութիւն, եթէ ընթացիկ միտումները շարունակուին. այս մասին, CNN-ի հաղորդմամբ , ըսուած է Oxfam-ի տարեկան անհաւասարութեան զեկոյցին մէջ:

Tesla-ի եւ SpaceX-ի գործադիր տնօրէն Իլոն Մասքը, որ ներկայիս աշխարհի ամենահարուստ մարդն է եւ որուն կարողութիւնը կը գերազանցէ 430 միլիար տոլարը, ըստ կանխատեսումներուն, պէտք է որ հատէ մէկ թրիլիոն տոլարի սահմանագիծը ընդամէնը հինգ տարիէն:

Անոր կը յաջորդեն Amazon-ի հիմնադիր Ճեֆ Պեզոսը, Oracle-ի հիմնադիր Լարրի Էլիսընը, Meta-ի գործադիր տնօրէն Մարք Զուքըրպըրկը, LVMH-ի գործադիր տնօրէն Պերնար Առնոն:

2024 թուականը շատ եկամտաբեր տարի էր աշխարհի ամենահարուստ մարդոց եւ ընտանիքներու համար, որ մասամբ պայմանաւորուած էր ԱՄՆ-ի ֆոնտային շուկայի աճով, պարզած է Oxfam-ը: Անոնց կարողութիւնը այնքան արագ աւելցած է , որ Oxfam-ը վերատեսութեան ենթարկած է անցեալ տարուան իր գնահատականը, ըստ որուն՝ յաջորդ տասնամեակին միայն մէկ թրիլիոնատէր պիտի ըլլայ:

«Այս ծայրայեղ անհաւասարութիւնը ուրախանալիք բան չէ», - ըսած է Oxfam America-ի ներկայացուցիչ Ռեպէքա Ռիտըլը:

Անցեալ տարի միլիառատէրերու շարքերն աւելցած են աւելի քան 200-ով՝ հասնելով մօտ 2,770-ի: Անոնց կարողութիւնը ընդհանուր աւելցած է 2,1 թրիլիոն տոլարով, երեք անգամ աւելի շատ, քան նախորդ տարի՝ ընդհանուր առմամբ կազմելով 15 թրիլիոն տոլար:

Մինչդեռ աղքատութեան մէջ ապրող մարդոց թիւը մօտաւորապէս նոյնն է, ինչ որ 1990 թուականին, կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ՝ վկայակոչելով Համաշխարհային պանքի տուեալները։