Աւարտած է ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեանի տան խուզարկութիւնը։ Այն մօտ 7 ժամ տեւած է։ Իրաւապահ մարմինները Քոչարեանի տունէն կրիչներ առգրաւած են։
Լրագրողներու հետ զրոյցին Լեւոն Քոչարեանն ըսած է, որ իրեն համար անակնկալ չէ եղած, երբ առաւօտեան ժամը 7-ին ԱԱԾ աշխատակիցներն ու քննիչները իրենց տուն գացած են։
«Ըստ երեւոյթի ոչ մի անակնկալ չկայ այս առումով։ Պիղծ դաւաճանի սովորական գործելաոճն է։ Այս ամէնը կապուած է մեր ընդդիմադիր գործունէութիւնից. այս իշխանութեան վարած քաղաքականութեան հետ համաձայն չլինելը, սրա մասին խօսելը, բարձրաձայնելը, չընկրկուելը, չնահանջելը, չկզելը - այ այս ամէն ինչի արդիւնքն է։ Մենք այս ամէն ինչին պատրաստ ենք, առաջին անգամ չի, ու այս ամէն ինչը շարունակուելու է բոլոր այն մարդկանց նկատմամբ, ովքեր կը փորձեն դէմ արտայայտուել այս իշխանութիւններին, որոնք իրենք ուսումնասիրում են»,-ըսած է Լեւոն Քոչարեանը։
Այսօր՝ օգոստոս 25-ին, Երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանն ու անոր աւագ որդին՝ Սեդրակ Քոչարեանը, ձերբակալուած են։
Վաղ առաւօտեան հարկային մարմինները կապարակնքած են Քոչարեաններուն պատկանող շարք մը ընկերութիւններ։ Խուզարկութիւններ կ՚ընթանան անոնց պատկանող ընկերութիւններուն մէջ։