image

Ռոպերթ Քոչարեան տարուած է հակակոռուպցիոն Կոմիտէ

Ռոպերթ Քոչարեան տարուած է հակակոռուպցիոն Կոմիտէ

Առաւօտեան 07:00-ի սահմաններուն իրաւապահները ներխուժած են Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեանի տուն: Գրած եւ տեսանիւթ հրապարակած է ԱԺ պատգամաւոր Մեսրոպ Մանուկեանը:

Փտածութեան բնոյթի յանցագործութիւններու դէպքերով քննուող քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս քանի մը տասնեակ հասցէներու մէջ կը կատարուին խուզարկութիւններ եւ վարութային այլ գործողութիւններ, յայտնած է Հակափտածութեան կոմիտէն:

«Առաւօտեան Նախագահ Քոչարեանին քննչական մարմինները տեղափոխել են Հակակոռուպցիոն Կոմիտէ:  Երէկ մամուլում տեղ գտած լուրերը հաստատուեցին. իշխանութիւնների հերթական գրոհն է սկսուել նախագահ Քոչարեանի եւ իր ընտանիքի նկատմամբ»,- աւելի ուշ գրած է ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավարը։