Եթէ փորձենք բնորոշել Մեսրոպ Անդրանիկ Քենտիրճեանը, որ քառասուն օրեր առաջ մեկնեցաւ այս աշխարհէն, կրնանք զինք կոչել պարզապէս` պրն. Մեսրոպը: Վստահ եմ, որ այդպէս պիտի ուզեն զինք կոչել նաեւ իր մեծաթիւ աշակերտները, որոնք այսօր կը գտնուին աշխարհի տարբեր անկիւնները, սակայն իրենց սրտին մէջ ջերմութիւն մը, մտերմութիւն մը ունին իրենց ուսուցիչին հանդէպ` լեցուն տարբեր յիշատակներով:
Արդարեւ, եթէ Մեսրոպ Քենտիրճեանը եղած է ՀՄԸՄ Այնճար մասնաճիւղի ֆութպոլի մարզիկներէն` դերակատար դառնալով նաեւ սկաուտական աշխատանքներուն մէջ, եթէ եղած է գիրքի եւ գրականութեան սիրահար` հրատարակելով նաեւ քանի մը գիրքեր, եթէ եղած է աշխուժ համազգայնական` գործնապէս սատարելով հայ մշակոյթի տարածման, եթէ եղած է Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի ատենապետ` երկար տարիներ ծառայելով համայնքին, եթէ վերջին տարիներուն դարձաւ Մուսա Լեռ-Այնճար ազգագրական թանգարանի յանձնախումբի ատենապետ եւ գուրգուրաց մեր հնութիւններուն վրայ` հաւաքելով նոր ցուցանմուշներ, այս բոլորի կողքին, սակայն, տիրականը մնաց միշտ պարոնը, ուսուցիչը, որ տասնամեակներ շարունակ շունչ սպառեց սերունդներ դաստիարակելու, կրթելու եւ անգլերէն լեզու սորվեցնելու համար:
Մեր ծանօթութիւնը եւ մտերմութիւնը սկսաւ, երբ ինք դարձաւ ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի ուսուցիչ: Դարձանք պաշտօնակիցներ եւ լծուեցանք կրթական-դաստիարակչական աշխատանքի` միշտ կրթուած եւ հայրենասէր սերունդ պատրաստելու տեսիլքով: Այս վազքը տեւեց երկար տարիներ: Ինք շարունակեց ուսուցչութիւնը նաեւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին մէջ մինչեւ հանգստեան տարիք` միշտ նոյն բծախնդրութեամբ եւ խստութեամբ:
Պէտք չէ մոռնալ, որ Մեսրոպը զաւակներէն էր Անդրանիկ Քենտիրճեանի. մարդ մը, որ Այնճարի մէջ եղած էր մեծ դաստիարակ եւ զարգացման ռահվիրայ: Այն մարդը, որ տան պատին վրայ գրատախտակ ունէր, ուր ամէն օր իմաստալից խօսք մը կամ առած մը արձանագրուած կ՛ըլլար, որպէսզի զաւակները կարդան եւ մտածեն…
Մեսրոպը կազմած էր հայաշունչ ընտանիք Ռիթա Օհաննէսեանին հետ` բախտաւորուելով երեք զաւակներով` Ռաքէլ, Անտրէ եւ Սեւակ, որոնք մեծցան իր դաստիարակութեան տակ` դառնալով օգտակար տարրեր մեր գիւղին եւ հայութեան համար:
Մեսրոպ Քենտիրճեանին մասին շատ բան կարելի է ըսել: Անոր դիպուկ յօդուածները լոյս տեսան «Ազդակ»-ի մէջ` տպաւորելով ընթերցողները, որոնք միշտ սպասեցին իր յօդուածներուն: Ան հեղինակ էր վէպի, որ դժբախտաբար աննկատ մնաց Լիբանանի անկայուն քաղաքական պայմաններուն բերումով: Մեսրոպը հպարտ եւ քաջ մուսալեռցի էր` միշտ պատրաստ կատարելու իր պահակութեան պարտականութիւնը, երբ Այնճարին վտանգ կը սպառնար: Վերջապէս, իր ընկերային, կատակասէր եւ շէն նկարագիրը զինք սիրելի դարձուցած էին մեր միջավայրին մէջ:
Հաւանաբար իր առողջական վիճակը սկսաւ անկայուն դառնալ ինքնաշարժի արկածէ մը ետք: Վատառողջ դարձաւ: Աւելի դանդաղեցաւ, երբ ունեցաւ թեթեւ ուղեղային կաթուած մը, որմէ ետք, սակայն, բարելաւուեցաւ մինչեւ սրտի վիրահատութիւն: Սրտի յաջող վիրահատութենէն ետք դժբախտաբար դարձեալ ուղեղային կաթուած ունեցաւ եւ դատապարտուեցաւ անշարժութեան` շուրջ վեց ամիսներ չարչարուելով:
Դժբախտաբար Մեսրոպ Քենտիրճեանը մեկնեցաւ այս աշխարհէն, երբ նոր ունեցած էր իր առաջին թոռնիկը…
Ես կը հաւատամ սակայն, որ Մեսրոպը չէ մեռած. ան կ՛ապրի զինք սիրած բոլոր աշակերտներուն, հարազատներուն եւ ծանօթներուն սրտերուն մէջ:
Լոյս` պրն. Մեսրոպի անմեռ յիշատակին:
Եսային Հաւաթեան
Այնճար, 1 օգոստոս 2026