«Երբ քաղաքականութիւնը կը դադրի պետութիւն կառուցելու միջոց ըլլալէ»
«Քաղաքական գործիչը կը հաշուէ քուէները, Պետական այրը՝ սերունդները»
«Քաղաքական գործիչը կը մտածէ յաջորդ ընտրութիւններուն մասին, իսկ պետական այրը՝ յաջորդ սերունդներուն»։
Այս պարզ, բայց խորիմաստ միտքը իր մէջ կը խտացնէ պետական մտածողութեան ամբողջ էութիւնը։ Ան կը յիշեցնէ, որ քաղաքականութիւնը ինքնանպատակ չէ։ Ան միջոց է՝ պետութիւն կառուցելու, ժողովուրդի բարօրութիւնը ապահովելու եւ ապագայի համար ամուր հիմքեր ստեղծելու։
Այս ասոյթը, որուն ճշգրիտ հեղինակութիւնը անորոշ է, սակայն լայնօրէն տարածուած է քաղաքական մտածողութեան մէջ, կը բնորոշէ երկու տարբեր մօտեցումներ։
Մէկը կեդրոնացած է ներկայի քաղաքական շահին վրայ՝ ինչպէ՞ս շահիլ յաջորդ ընտրութիւնը, ինչպէ՞ս պահպանել իշխանութիւնը, ինչպէ՞ս ապահովել անմիջական աջակցութիւն։ Միւսը կը նայի ապագային՝ ի՞նչպիսի երկիր պիտի ժառանգեն վաղուան սերունդները, եւ ի՞նչպիսի պետութիւն պիտի կառուցուի այսօրուան որոշումներուն հիման վրայ։ Այս տարբերութիւնը այսօր աւելի քան երբեք հրատապ է Հայաստանի համար։
Ժողովրդավարութեան մէջ ընտրութիւնները անհրաժեշտ են։ Անոնք ժողովուրդին կը փոխանցեն իշխանութեան ձեւաւորման իրաւունքը եւ ղեկավարները պատասխանատուութեան ենթակայ կը դարձնեն իրենց որոշումներուն համար։ Սակայն ընտրութիւնները, որքան կարեւոր ըլլան, ինքնին չեն կրնար պետութիւն կառուցել։
Երկիր մը միայն ընտրութիւն շահելով չի հզօրանար։ Ան կը հզօրանայ այն ժամանակ, երբ իր ղեկավարները կը համարձակին մտածել ընտրական մէկ շրջափուլէն անդին՝ տարիներով եւ տասնամեակներով։
Երբ քաղաքական ամբողջ տրամաբանութիւնը կը սահմանափակուի միայն յաջորդ ընտրութեամբ, պետութիւնը կը սկսի կորսնցնել իր երկարաժամկէտ ուղղութիւնը։ Այդ պահուն քաղաքականութիւնը կը դադրի ծառայել պետութեան եւ կը սկսի ծառայել իր սեփական քաղաքական գոյատեւման։
Քաղաքական տեսանելիութիւնը եւ պետական տեսլականը
Այսօրուան քաղաքական միջավայրը ամբողջ աշխարհի մէջ կը բնորոշուի արագութեամբ։ Ընկերային ցանցերը, անմիջական արձագանգները եւ մշտական լրատուական հոսքը քաղաքական գործիչները կը մղեն ամէն օր ներկայ ըլլալու հանրային դաշտին մէջ։
Հայաստանի մէջ եւս քաղաքական օրակարգը յաճախ կը ձեւաւորուի ոչ թէ այն հարցերով, որոնք պիտի որոշեն մեր երկրի ապագան, այլ այն երեւոյթներով, որոնք կարճ ժամանակով կը գրաւեն հանրային ուշադրութիւնը։
Օր մը կրնայ քաղաքական քննարկումներու կեդրոնը դառնալ ղեկավարի մը հեծանիւ վարելը, ուրիշ օր մը՝ քաղաքական գործիչի մը ուղիղ եթերային ելոյթը, իսկ յաջորդ օրը՝ ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած հերթական տեսանիւթը։
Այսպիսի նախաձեռնութիւնները ինքնին կրնան ունենալ իրենց հաղորդակցական նշանակութիւնը։
Քաղաքական գործիչները, բնականաբար, պէտք ունին ժողովուրդին հետ կապ պահպանելու եւ հանրային ներկայութիւն ունենալու, սակայն խնդիրը կը ծագի այն ժամանակ, երբ խորհրդանշական գործողութիւնները կը սկսին փոխարինել պետական օրակարգին։
Քաղաքացիները պէտք ունին ոչ միայն տեսնելու իրենց ղեկավարները, այլեւ հասկնալու, թէ ո՞ւր կը տանին երկիրը։
Մինչ մենք կը քննարկենք օրուան պատկերները, պէտք է հարցնենք. Ո՞վ կը խօսի 2050-ի Հայաստանի մասին։
Պետական այրը եւ քաղաքական գործիչը
Պետական այրը եւ քաղաքական գործիչը նոյն բանը չեն։
Ամէն պետական այր քաղաքական գործիչ է, սակայն ոչ ամէն քաղաքական գործիչ կրնայ պետական այր դառնալ։
Քաղաքական գործիչը կը փորձէ ստանալ ժողովուրդին վստահութիւնը։ Պետական այրը կը փորձէ արժանի ըլլալ այդ վստահութեան։
Քաղաքական գործիչը կը լուծէ այսօրուան խնդիրները։ Պետական այրը կը կառուցէ այնպիսի հիմքեր, որոնք պիտի կանխեն վաղուան խնդիրները։
Քաղաքական գործիչը կը հաշուէ քուէները։ Պետական այրը կը հաշուէ սերունդները։
Պետական մտածողութիւնը կը պահանջէ նաեւ պատրաստակամութիւն՝ ընդունելու այնպիսի որոշումներ, որոնք կրնան անմիջապէս ժողովրդական չըլլալ, սակայն երկարաժամկէտ առումով կը ծառայեն ազգային շահին։
Որովհետեւ ժողովուրդ մը ղեկավարել միայն այսօրուան տրամադրութիւններուն հետեւիլ չէ։ Ղեկավարել կը նշանակէ նաեւ պատրաստել վաղուան օրը։
Հայաստանի իրական մարտահրաւէրները
Հայաստանի առջեւ ծառացած խնդիրները չեն կրնար սահմանափակուիլ մէկ ընտրական շրջանի տրամաբանութեամբ։
Ժողովրդագրութիւնը, արտագաղթը, կրթութիւնը, գիտութիւնը, տնտեսութիւնը, անվտանգութիւնը եւ պետական հիմնարկներու ամրապնդումը երկարաժամկէտ խնդիրներ են։
Ոչ մէկ լուրջ պետութիւն այս հարցերը կը լուծէ միայն կարգախօսներով կամ կարճաժամկէտ քաղաքական քայլերով։
Անոնք կը պահանջեն ազգային ռազմավարութիւն, մասնագիտական մօտեցում եւ հետեւողական աշխատանք։
Հայաստանը փոքր պետութիւն է՝ սահմանափակ մարդկային եւ տնտեսական միջոցներով։ Այդ պատճառով մեր սխալներուն գինը աւելի ծանր է։ Մենք չունինք այն շռայլութիւնը, որ տարիներ կորսնցնենք առանց յստակ ուղղութեան։
Իւրաքանչիւր ռազմավարական որոշում կրնայ ազդեցութիւն ունենալ ամբողջ սերունդներու ճակատագրին վրայ։
Պատմութեան դասերը
Պատմութիւնը կը վկայէ, որ մեծ փոփոխութիւններ իրականացուած են այն ժամանակ, երբ ղեկավարները մտածած են իրենց պաշտօնավարութեան ժամանակահատուածէն անդին։
Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ եւս կարելի է գտնել պետական մտածողութեան օրինակներ։ Կարէն Դեմիրճեանի անունը շատերու համար կը կապուի այն շրջանին հետ, երբ պետական կառավարման մէջ կար երկարաժամկէտ զարգացման, արդիւնաբերական ներուժի եւ ենթակառուցուածքներու ստեղծման գաղափարը։ Անոր քաղաքական ժառանգութեան գնահատականները կրնան տարբեր ըլլալ, սակայն դժուար է ժխտել, որ ան կը մտածէր ոչ միայն իր ժամանակի խնդիրներուն, այլեւ երկրի զարգացման երկար ճանապարհին մասին։
Lee Kuan Yew-ի օրինակը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս փոքր երկիր մը կրնայ վերածուիլ ուժեղ եւ մրցունակ պետութեան՝ երկարաժամկէտ տեսլականի եւ հետեւողական քաղաքականութեան միջոցով։
Konrad Adenauer-ի ղեկավարութեան շրջանին Գերմանիոյ վերակառուցումը հիմնուած էր ոչ միայն տնտեսական վերականգնման, այլեւ ամուր պետական հաստատութիւններու ստեղծման վրայ։
Charles de Gaulle նոյնպէս առաջնորդուեցաւ այն համոզումով, որ պետութեան շահը պէտք է գերազանցէ կարճաժամկէտ քաղաքական հաշիւները։
Այս օրինակները կը հաստատեն պարզ ճշմարտութիւն մը. Պետութիւնները չեն կառուցուիր ընտրութիւններու համար։ Ընտրութիւնները պէտք է ծառայեն պետութիւններու կերտման։
Ո՞վ կը մտածէ վաղուան Հայաստանի մասին
Այս հարցը միայն իշխանութեան կամ ընդդիմութեան հարցը չէ։
Ան նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններու, փորձագիտական շրջանակներու, լրատուամիջոցներու եւ ամբողջ հասարակութեան պատասխանատուութիւնն է։
Երբ ժողովուրդը կը պահանջէ միայն արագ պատասխաններ եւ անմիջական լուծումներ, քաղաքականութիւնը բնականաբար կը հարմարի այդ պահանջին, սակայն երբ հասարակութիւնը կը պահանջէ տեսլական, ծրագիր եւ երկարաժամկէտ պատասխանատուութիւն, քաղաքական դաշտը ստիպուած կ'ըլլայ փոխուելու։
Այսօր Հայաստանի ամենամեծ հարցը միայն այն չէ, թէ վաղը ո՛վ պիտի ղեկավարէ երկիրը։ Աւելի կարեւոր հարց մը կայ. ի՞նչպիսի Հայաստան պիտի ժառանգեն այն երեխաները, որոնք այսօր կը նստին հայկական դպրոցներու գրասեղաններուն առջեւ։
Եթէ այդ հարցումին չենք պատասխաներ այսօր, վաղը ուշ կրնայ ըլլալ։
Պատմութիւնը վերջ ի վերջոյ չի յիշեր միայն, թէ ո՛վ շահեցաւ այս կամ այն ընտրութիւնը։
Ան կը յիշէ անոնք, որոնք կարողացան իրենց ժողովուրդին ապահովել աւելի ապահով, աւելի հզօր եւ աւելի արժանապատիւ ապագայ։
Հայաստանը այսօր քաղաքական գործիչներու պակաս չունի։ Հայաստանը կարիքն ունի պետական այրերու։
Աւետիս Պագգալեան
«Ապագայ»