Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւնը պատիւ կը համարէ։
«Ի տարբերութիւն միւս բոլոր երկիրներուն, որոնք, բնականաբար, Ռուսիոյ բարեկամներն են, բայց չեն ուզեր հրապարակայնօրէն որեւէ բան հնչեցնել, մենք որեւէ հարցէ չենք հրաժարիր՝ ըլլայ յարմար, թէ անյարմար։ Մենք ուղղակիօրէն կ՚ըսենք, որ Ռուսիոյ հետ համագործակցիլը պատիւ կը համարենք եւ պիտի համագործակցինք»,– ըսած է Լուքաշենքօ Մինսքի մէջ՝ Ռուսիոյ առաջին փոխվարչապետ Տենիս Մանթուրովի հետ հանդիպման ընթացքին։
Ան նաեւ կոչ ըրած է չկասկածիլ Պելառուսիոյ մտադրութիւններուն։