Միացեալ Նահանգները Սուրիան հանած է ահաբեկչութիւնը հովանաւորող պետութիւններու ցանկէն։ Այս մասին X էջին վրայ կատարած գրառման մէջ նշած է ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն։
«Այսօր ես պաշտօնապէս չեղարկեցի Սուրիոյ՝ որպէս ահաբեկչութեան հովանաւոր պետութեան կարգավիճակը։ Այս քայլը նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ Սուրիոյ տնտեսական վերածնունդին եւ յառաջընթացին համար»,– նշուած է գրառման մէջ։
Ռուպիոն աւելցուցած է, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը կը շարունակէ առաջ մղել ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութիւնը՝ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ անվտանգութեան հասնելու նպատակով։
Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհն ալ X-ի իր պաշտօնական էջին վրայ շնորհաւորած է Սուրիոյ ժողովուրդը՝ ահաբեկչութեան հովանաւոր պետութիւններու ԱՄՆ-ի ցանկէն երկրի անունը պաշտօնապէս հանելու առիթով՝ որոշումը որակելով «պատմական»։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Տանըլտ Թրամփին եւ «եղբայրներուն ու բարեկամներուն», որոնք Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին կողքին եղած են։
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շայպանին իր կարգին X-ի վրայ կատարած գրառմամբ ողջունած է ԱՄՆ-ի որոշումը՝ նշելով, որ Սուրիոյ նախագահին ղեկավարութեամբ պիտի շարունակեն մեկուսացման ժառանգութիւնը յաղթահարելու եւ թափանցիկութեան, փոխադարձ շահերու ու յարգանքի վրայ հիմնուած միջավայրը խթանելու ջանքերը՝ ի նպաստ Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի զարգացման ու կայունութեան։