image
Հրատապ լուրեր:

Վրաստանի մօտ Ուքրանիոյ դեսպանը տուն կանչուած է. Պատճառը «կենցաղային» է

Վրաստանի մօտ Ուքրանիոյ դեսպանը տուն կանչուած է. Պատճառը «կենցաղային» է

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէ մեկնաբանած է Ուքրանիոյ նորանշանակ Արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիկայի՝ Վրաստանի մօտ Ուքրանիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Միխայիլ Խարիշինը ետ կանչելու որոշումը, գրած է ekhokavkaza.com-ը:

Սիպիկան իր որոշումը բացատրած է, որ Խարիշին «բացարձակապէս չ'ըմբռներ պատերազմող պետութեան դիւանագիտութեան իրողութիւնները»:

Այժմ Քոպախիձէ կը պնդէ, որ որոշումն իրականութեան մէջ  կապուած է կենցաղային սարքի գնման հետ։

«Մեր տեղեկութիւններով՝ սա քաղաքական գործողութիւն չէ։ Այս ներկայացուցիչը, որ, եթէ չեմ սխալիր, ունի նաեւ դիւանագիտական կարգավիճակ, ձեռք բերած է կենցաղային իրեր։ Այս գնումը ոչ պատշաճ համարուած է ընթացող պատերազմի լոյսի ներքոյ եւ դարձած է  զինք ետ կանչելու պատճառ: Սա մեր ունեցած տեղեկութիւնն է... Խօսքը լուացքի մեքենաներու մասին է»,- ըսած է Վրաստանի վարչապետը։