image

Վրաստանի մէջ ուժի մէջ մտած է «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրէնքը

 Վրաստանի մէջ ուժի մէջ մտած է «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրէնքը

Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Շալվա Փափուաշվիլին ստորագրած է խորհրդարանի ընդունած, այսպէս կոչուած, «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրէնքը։ Նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին պէտք է հաստատէ փաստաթուղթը, սակայն ան հրաժարած է հաստատելէ։

Սակայն Փափուաշվիլիի ստորագրումէն ետք օրէնքն ուժի մէջ մտած է։

«Այսօր ես ստորագրեցի «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքը։ Այս օրէնքի նպատակն է ամրապնդել Վրաստանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային համակարգերը արտաքին միջամտութեան նկատմամբ»,- ճեպազրոյցին յայտարարած է Փափուաշվիլին։

Վրաստանի խորհրդարանը մայիս 14-ին վերջնական ընթերցմամբ հաւանութիւն տուած է «Արտաքին ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրինագիծին։ Որոշումն ընդունուած է՝ հակառակ երկրի մէջ տեղի ունեցող զանգուածային բողոքի ցոյցերուն։ Մայիս 18-ին Սալոմէ Զուրապիշվիլին վեթօ դրած է օրէնքի վրայ։ Մայիս 28-ին խորհրդարանը յաղթահարած է անոր վեթօն: Վրացական 160 հասարակական կազմակերպութիւն եւ լրատուամիջոց հրաժարած է գրանցուելէ օտարերկրեայ գործակալներու գրանցամատեանին մէջ։