Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ստորագրած է օրէնքը, որ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան (ԱԴԾ) կու տայ նոր լիազօրութիւններ՝ երկրին մէջ համացանցը անջատելու համար։
Փետրուար 20-ին ուժի մէջ մտած օրէնսդրութիւնը վերջինն է շարք մը կարգաւորումներէ, որոնք կտրուկ կերպով կ՚ընդլայնեն իշխանութիւններուն լիազօրութիւնները՝ Ռուսիոյ մէջ տեղեկատուութիւնը սահմանափակելու առումով։
Անցեալ շաբթուան սկիզբը օրէնսդիրներու կողմէ ընդունուած նոր օրէնսդրութիւնը Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան լիազօրութիւն կու տայ պահանջելու համացանցային ծառայութիւն մատուցողներէն անջատել կամ սահմանափակել մուտքը համացանց «Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի կարգաւորիչ իրաւական ակտերով սահմանուած պարագաներուն»։
Այս փոփոխութիւնը իրաւունք կու տայ Փութինին անձամբ որոշելու, թէ երբ պէտք է անջատուին առցանց հաղորդակցութիւնները երկրի ամբողջ տարածքին կամ որոշակի տարածաշրջանի մէջ՝ առանց պատճառաբանելու։
Վերջին ամիսներուն Ռուսիոյ իշխանութիւնները եղանակներ կը փնտռեն՝ կանխելու ուքրանական անօդաչու թռչող սարքերու մուտքը երկրի օդային տարածք։ Շատ պարագաներու անօդաչուները կ՚օգտագործեն ռուսական տուեալներու ազդանշանները՝ դէպի թիրախները թռելու համար, երբեմն ալ՝ մեծ հեռաւորութիւններու վրայ։
Իշխանութիւնները նաեւ սահմանափակած են համացանցային յայտնի գործիքներու, մասնաւորաբար՝ WhatsApp-ի եւ Telegram-ի նման հաղորդագրութիւններու յաւելուածներու աշխատանքը։ Հաղորդումներէն մէկուն համաձայն՝ Telegram-ը ապրիլ 1-էն ամբողջութեամբ պիտի արգելափակուի։