Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ստորագրած է Ռուսիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներու եւ մաքսատուրքերու կիրառման հնարաւորութիւնները ընդլայնող օրէնքը, որ յայտնի է «դժոխային պատժամիջոցներ»ու օրէնք անունով։
Սպիտակ տան պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, Թրամփ Սեպտեմբեր 18-ին ստորագրած է H.R. 5334 օրինագիծը, որ այդպիսով օրէնքի ուժ ստացած է։
Փաստաթուղթին պաշտօնական անունն է «Լինտսի Օ. Կրէհըմի՝ Ռուսիոյ եւ Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներու մասին 2026 թուականի օրէնք»։ Սպիտակ տան պարզաբանմամբ՝ սա հնարաւորութիւն կու տայ սահմանելու եւ ընդլայնելու Ռուսիոյ նկատմամբ օրէնքով նախատեսուած պատժամիջոցները, մաքսատուրքերը եւ արգելքները, ինչպէս նաեւ երկարաձգելու Իրանի դէմ գործող պատժամիջոցները։
ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն՝ օրէնքը կը նախատեսէ առաջնային եւ երկրորդային պատժամիջոցներ Ռուսիոյ եւ անոր դէմ սահմանուած սահմանափակումներու շրջանցման աջակցող անձերու եւ կազմակերպութիւններու նկատմամբ։
Թիրախներու շարքին են ռուս պաշտօնեաներ, խոշոր գործարարներ եւ անոնց ընտանիքներու անդամներ, դրամատուներ եւ ֆինանսական կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ ռուսական նաւթ փոխադրող, այսպէս կոչուած, «ստուերային նաւատորմ»ի նաւերը։
Օրէնքը ԱՄՆ-ի նախագահին հնարաւորութիւն կու տայ մինչեւ 100 տոկոս մաքսատուրք սահմանելու ռուսական նաւթի եւ կազի հինգ խոշորագոյն գնորդներէն ներմուծուող ապրանքներուն վրայ։ Նման սահմանափակումներ կրնան կիրառուիլ նաեւ այն հինգ երկիրներուն նկատմամբ, որոնք առաւելագոյնս կ՚աջակցին Ռուսիոյ ուժանիւթի ոլորտին դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու շրջանցման։
Հնարաւոր թիրախներու շարքին ամերիկացի օրէնսդիրները նշած են Չինաստանը եւ Հնդկաստանը։