image

Վրաստանի եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպացի դէտերուն դերը դրական է. ԵՄ-ի պաշտօնակատար

Վրաստանի եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպացի դէտերուն դերը դրական է. ԵՄ-ի  պաշտօնակատար

Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնները Վրաստանի եւ Հայաստանի մէջ կը նպաստեն Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի կայունութեան ու անվտանգութեան։

Այս մասին գրած է Վրաստանի մօտ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Պեթինա Փաթրիսիա Պուկանի։

«Ուրախ էի հանդիպելու Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթերի հետ եւ միասին նշելու երկու առաքելութիւններու միջեւ յաջող համագործակցութեան 18 ամիսը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։