Երկուշաբթի ուժի մէջ մտած է Վրաստանի կառավարութեան որոշումը տեղական արտադրութեան ցորենի եւ գարիի արտահանումը արգիլելու մասին, տեղեկացուցած են Վրաստանի կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն:
«Որեւէ փոփոխութիւն ցորենի եւ գարիի [արտահանման] արգելքի մասին կառավարութեան որոշման մէջ չէ մտցուած, հետեւաբար, այն այսօրուընէ ուժի մէջ մտած է», նշած են կառավարութենէն:
Վրաստանի իշխանութիւնները Յունիսի վերջը որոշում կայացուցած էին ցորենի եւ գարիի արտահանման արգելքի մասին: Արգելքը պիտի գործէ մինչեւ 2023 Յուլիս: Կառավարութեան որոշումը չ'արգիլեր հանրապետութենէն արտահանել Վրաստանի մէջ արտադրուող եգիպտացորենը:
Վրաստանը ամէն տարի կը սպառէ 650 հազար թոն ցորեն: Հանրապետութիւնը ինքն իրեն կ'ապահովէ միայն 15 տոկոսով: Մնացածը կը ներմուծէ, որուն աւելի քան 90 տոկոսը` Ռուսիայէն: