image

Պատգամաւոր Լուսինէ Պատալեանին արգիլած են մուտք գործել՝ Ռուսաստան 

Պատգամաւոր Լուսինէ Պատալեանին արգիլած են մուտք գործել՝ Ռուսաստան 

Այսօր՝ 14 Հոկտեմբերին, կը նախատեսէի մեկնիլ Ս. Փեթերսպուրկ՝ վաղը տեղի ունենալիք ԱՊՀ-ի Միջխորհրդարանական Վեհաժողովի (ՄԽՎ) Ընկերային քաղաքականութեան եւ մարդու իրաւունքներու մշտական յանձնաժողովի հերթական նիստին մասնակցելու նպատակով։

Որպէս ԱՊՀ-ի ՄԽՎ-ի մէջ ՀՀ Ազգային ժողովի պատուիրակութեան անդամ՝ պէտք է մասնակցէի նիստի աշխատանքներուն, որուն օրակարգին մէջ ընդգրկուած է 16 հարց։

Սակայն ինծի թոյլ չտուին մուտք գործել Ռուսիոյ Դաշնութիւն՝ պատճառաբանելով, որ մուտքս երկիր արգիլուած է։ Թէ ի՛նչ պատճառով՝ յայտնի չէ։

Տարօրինակ եւ մտահոգիչ իրավիճակ է, երբ ազգային խորհրդարանական պատուիրակութեան մը անդամին թոյլ չեն տար մեկնիլ միջազգային խորհրդարանական կազմակերպութեան կեդրոնակայանը՝ իր պաշտօնական պարտականութիւնները կատարելու եւ յանձնաժողովի աշխատանքներուն մասնակցելու համար։