Եռակողմ յայտարարութենէն մէկ տարի անց իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմաններուն կը շարունակէ լարուած մնալ՝ վերջինիս կողմէ զինադադարի շարունակական խախտումներու պատճառով։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է բարձր պահէ ուշադրութիւնը՝ խուսափելու համար բռնութեան որեւէ ձեւի կամ համաձայնագրերու խախտման շարունակութենէն:
Այս մասին ըսած է Իտալիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի անդամ, խառն խմբակցութեան եւ պաշտպանութեան մշտական յանձնաժողովի անդամ, Coraggio Italia կուսակցութեան անդամ Ճիորճիօ Սիլլի։
«Հայաստանի կողմէ համագործակցութեան իրական ցանկութիւն կայ, ճիշդ է անոր աջակցիլը բոլոր միջոցներով, որպէսզի այս տարածքը նոյնպէս կարենայ կայունանալ խաղաղ պայմաններու մէջ», եզրափակած է ան։