Ռուս զինուորականները շրջափակած են Ուքրանիոյ Սումի եւ Գոնոթոփ քաղաքները, յայտնած է ՌԴ Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ զօրավար Իկոր Քոնաշենքովը:
«Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները շրջափակած են Սումին ու Գոնոթոփը, եւ միջոցներու կը ձեռնարկում այդ քաղաքներուն ու անոնց արուարձաններուն մէջ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու համար», ըսած է Քոնաշենքովը:
Աւելի վաղ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ ռուս զինուորականները գրաւել են Քիեւի մերձակայքը «Կոսթոմել» օդակայանը, այնուհետեւ արգելափակած են Չերնիկովը: