Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը, հաւանաբար, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Կազայի հատուածին մէջ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման շուրջ ներկայացուցած ծրագիրին պիտի պատասխանէ քանի մը օր ետք։ Այդ մասին գրած է Politico-ն՝ վկայակոչելով իրազեկ դիւանագէտի։
Սեպտեմբեր 29-ին Սպիտակ Տունը հրապարակած է Թրամփի՝ Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու մասին 20 կէտերէ բաղկացած խաղաղութեան ծրագիրը։
Al Jazeera հեռուստաալիքը, վկայակոչելով իրազեկ դիւանագիտական աղբիւրը, հաղորդած է, որ Եգիպտոս եւ Քաթար «Համաս» շարժման ներկայացուցած են Միացեալ Նահանգներու ծրագիրը՝ Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու համար, իսկ շարժումը խոստացած է զայն ուսումնասիրել։