image

Ուքրանիոյ մէջ սկսած են Bayraktar ԱԹՍ–ներու արտադրութեան գործարան կառուցել

Ուքրանիոյ մէջ սկսած են Bayraktar ԱԹՍ–ներու արտադրութեան գործարան կառուցել

Ուքրանիոյ մէջ սկսած է Baykar թրքական օդանաւաշինական ընկերութեան Bayraktar անօդաչուներու արտադրութեամբ զբաղող ձեռնարկութեան շինարարութիւնը։ Այս մասին, «ՌԻԱ Նովոսթի»ի հաղորդմամբ, յայտնած է Ուքրանիոյ արդիւնաբերութեան ռազմավարական ճիւղերու հարցերով նախարար Ալեքսանտր Քամիշինը։

«Եթէ խօսինք Bayraktar գործարանի մասին, որու մասին արդէն քանի մը տարի է Ուքրանիոյ մէջ խօսակցութիւններ կ'ըլլան, ապա այդ գործարանի շինարարական աշխատանքները մեկնարկած են։ Ատոր վերաբերեալ բանակցութիւններ եղած են, յետոյ դադրեցուած են, գայթակղութիւններ եղած են։ Այդ գործարանը իրական սկսած է կառուցուիլ, այլ ոչ միայն յուշագրերու մէջ», – հեռուստաեթերի ժամանակ ըսած է Ալեքսանտր Քամիշինը։

8 Յուլիսին Թուրքիան եւ Ուքրանիան անօդաչուներու արտադրութեան համատեղ զարգացման մասին յուշագիր ստորագրած են։ Baykar թրքական ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Հալուք Պայրաքթարն ըսած էր, որ ընկերութիւնը մտադիր է Ուքրանիոյ մէջ 2025 թուականին սկսիլ Bayraktar TB2 եւ Bayraktar Akinci անօդաչուներ արտադրել։

Ուքրանիոյ մէջ Bayraktar հարուածային անօդաչուներու արտադրութեան գործարան կառուցելու ծրագրերու մասին 2022 թուականի օգոստոսին յայտարարած էր Թուրքիոյ մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Վասիլի Պոտնարը։