image

Ուքրանիոյ հակագրոհը յետաձգուած է

Ուքրանիոյ հակագրոհը  յետաձգուած է

Ուքրանիոյ զինուած ուժերն ունին հակայարձակման համար անհրաժեշտ նուազագոյն սպառազինութիւն, հակայարձակումը պիտի սկսի առաջիկային։ Այս մասին ճափոնական NHK հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան ղեկավար Քիրիլ Պուտանով, հաղորդած է ԹԱՍՍ։

«Մենք արդէն ունինք անհրաժեշտ նուազագոյն սպառազինութիւն։ Կրնամ միայն ըսել, որ հակայարձակումը պիտի սկսի առաջիկային»,- ըսած է Պուտանով։

Միեւնոյն ժամանակ ան յայտարարած է, որ գործողութիւններու յաջող շարունակման համար ուքրանական բանակին դեռ անհրաժեշտ է զէնքի, կործանիչներու եւ զինամթերքի լուրջ պաշար։

«Մեզի աւելի շատ զէնք պէտք է », - աւելցուցած է ան:

Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան ղեկավարը նաեւ յոյս յայտնած է, որ միջազգային հանրութիւնը «պատրաստ է օգնել» իր երկրին։