image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիան հարուածած է Ռուսաստանի Պելկորոտ քաղաքի նաւթի պահեստը. Ծագած է հրդեհ

Ուքրանիան հարուածած է  Ռուսաստանի Պելկորոտ  քաղաքի նաւթի պահեստը. Ծագած է հրդեհ

Ռուս-ուքրանական սահմանին մօտ գտնուող Պելկորոտ քաղաքի նաւթի պահեստանոցին մէջ հրդեհ բռնկած է: Պատճառը ուքրանական զինուած ուժերուն կողմէ իրականացուած օդային հարուածներն են: Այս մասին կը հաղորդէ Պելկորոտի շրջանի նահանգապետ Վեաչեսլաւ Կլատքովի թելեկրամեան ալիքը:

«Պելկորոտ քաղաքի նաւթի պահեստանոցին մէջ հրդեհ բռնկած է: Դէպքի վայր մեկնած են արտակարգ իրավիճաներու բոլոր ծառայութիւնները: Միջոցներու կը ձեռնարկեն զայն չէզոքացնելու ուղղութեամբ», նշած է Կլատքովը:

Նահանգապետին խօսքով` հրդեհին հետեւանքով տուժած է պահեստի երկու աշխատակից, որոնք արդէն ստացած են առաջին բժշկական օգնութիւն եւ որոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար:

Աւելի ուշ Կլատքով յայտնած է, որ հրդեհը պայմանաւորուած է Ուքրանիոյ զինուած ուժերու օդային հարուածով: Անոր խօսքով`  ուրանական զինուժի երկու ուղղաթիռ ներխուժած է Ռուսաստանի տարածք:

«Նաւթի պահեստին մէջ հրդեհը բռնկած է ցած բարձրութեան վրայ Ռուսաստանի տարածք ներխուժած Ուքրանիոյ զինուած ուժերու երկու ուղղաթիռէ իրականացուած օդային ահարուածի հետեւանքով: Զոհեր չկան», գրած է ան: