image

Ուքրանիան, անկասկած, պիտի միանայ ՆԱԹՕ-ին. Պայտըն

Ուքրանիան, անկասկած,  պիտի միանայ ՆԱԹՕ-ին. Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ բանակցութիւններէն ետք ըսած է, որ Ուքրանիան, անկասկած, պիտի միանայ ՆԱԹՕ-ին, սակայն անոր անդամակցութեան հարցը պիտի քննարկուի Ռուսիոյ հետ ռազմական գործողութիւններուն մէջ յաղթանակէն ետք։

Ըստ Պայտընի, Ուքրանիան դաշինքին միացնելու մասին խօսակցութիւնն այժմ տեղին չէ, քանի որ ամբողջ ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացուի հակամարտութեան վրայ։

«Անկասկած, ՆԱԹՕ-ն պիտի ըլլայ Ուկրանիոյ ապագային մէջ։ Բայց, ինչպէս արդէն ըսինք Վիլնիւսի մէջ, Ուքրանիան պիտի դառնայ ՆԱԹՕ-ի անդամ, երբ բոլոր դաշնակիցները համաձայնին, եւ պայմանները կատարուին։ Այժմ մենք պէտք է համոզուինք, որ Ուքրանիան պիտի յաղթէ պատերազմին»,-ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը Վլատիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպումէն ետք մամուլի ասուլիսի ժամանակ: