image

Ուքրանիա հարուածած է Ռուսիոյ Պելկորոտ մարզի մէկ շրջանը.Կան զոհեր

Ուքրանիա հարուածած է Ռուսիոյ Պելկորոտ մարզի մէկ շրջանը.Կան զոհեր

Ուքրանիոյ զինուած ուժերը հրթիռային հարուած հասցուցած են Շեպեքինոյի շրջանի Մասլովա Փրիսթան աւանին, նախնական տուեալներով՝ 3 մարդ մահացած է։ Այս մասին յայտնած է Պելկորոտի մարզպետ Վեաչեսլաւ Կլատքովը:

«Նախնական տուեալներով՝ կայ 3 զոհ, 1 վիրաւոր։ Ընկերային նշանակութեան կառոյցի շէնք մը մասամբ քանդուած է։ Հնարաւոր է` փլատակներուն տակ ալ մարդիկ ըլլան։ Դէպքի վայրին մէջ արդէն կ՚աշխատին Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակիցները, ինքնապաշտպանութեան մարտիկները», - թելեկրամեան ալիքով գրած է Կլատքովը։

Մարզպետը նշած է, որ մեկնած է դէպքի վայր, ուրկէ պիտի տեղեկացնէ իրավիճակի մասին: