image

Ֆինլանտայի մէջ վառելիքի գիները մէկ ամսուան մէջ աճած են աւելի քան 40%-ով

Ֆինլանտայի մէջ վառելիքի գիները մէկ ամսուան մէջ աճած են աւելի քան 40%-ով

Ֆինլանտիոյ մէջ վառելիքի գիները մարտ ամսուան ընթացքին աւելի քան 40 %-ով աճած են՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող ճգնաժամին հետեւանքով։ Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ յղում կատարելով Ֆինլանտիոյ վիճակագրական վարչութեան։

«2026 թուականի մարտին, նախորդ ամսուան համեմատ, վառելիքի միջին գինը բարձրացած է։ Միջին գինի ամենամեծ ամսական փոփոխութիւնը արձանագրուած է թեթեւ նաւթային վառելիքի պարագային (40,9%), իսկ ամենափոքրը՝ 98 տեսակի պենզինի պարագային (9,1%)»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Վարչութեան տուեալներով՝ այս տարուան մարտին թեթեւ վառելիքի գինը 42 առ հարիւրով բարձրացած է՝ 2025-ի նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ։ Մարտին տիզելային վառելիքի գինը կազմած է 2.10 եւրօ, 95 տեսակի պենզինը՝ 1.90 եւրօ՝ մէկ լիթրի համար, իսկ թեթեւ նաւթային վառելիքը՝ 1.8 եւրօ։

Փետրուար 28-ին Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի մէջ սկսած ռազմական գործողութիւններուն եւ Իրանի պատասխան հարուածներուն հետեւանքով Հորմուզի նեղուցով նաւարկութիւնը գրեթէ դադրած է։ Այս նեղուցով կ՚անցնի նաւթի համաշխարհային մատակարարումներու շուրջ 20 առ հարիւրը, ինչը պատճառ դարձած է վառելիքի գիներու կտրուկ բարձրացման աշխարհի մեծ մասի մէջ։