Վաստակաւոր կրթական մշակ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի հիմնադիր ղեկավարներէն Վարսենիկ Տէր Մկրտիչեան Յունիս 8ին կնքեց իր մահկանացուն։
Ֆերահեան Ազգային վարժարանի աշակերտներու սերունդներ Տէր Մկրտիչեանի նուիրումին եւ իմաստութեան արգասիքը վայելած են, հետեւելով գիտութեան դասանիւթի անոր դասաւանդումներուն։ Ան նաեւ տասնամեակներով եղած է վարժարանին Գիտութեան բաժանմունքին պատասխանատուն։
Համայնքային կեանքին անոր նուիրումը զինք առաջնորդած է Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի հիմնադիր ըլլալու եւ 1988էն 1990ի միջեւ ան եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին։
1988ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք, Տէր Մկրտիչեան մղիչ ուժ հանդիսացաւ երկրաշարժէն տուժած հայրենակիցներուն օժանդակութիւն հասցնելու արշաւին, այդ նպատակով հաստատուած՝ Հայաստանի երկրաշարժի օժանդակութեան հիմնադրամին միջոցաւ եւ շրջանին մէջ այդ արշաւը համակարգելու կողքին, Հայաստան ճամբորդեց եւ իր պաշտօնակիցներուն կողքին, Ախուրեանի մէջ ՀՕՄի ջանքերով կառուցուած բնակարաններուն բանալիները յանձնեց իրենց բնակարանները կորսնցուցած հայորդիներուն։
Տէր Մկրտիչեան նաեւ մաս կազմած էր Համբիկ Սասունեանի պաշտպան յանձնախումբին։
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը եւ Ֆերահեան Ազգային վարժարանը այս առիթով իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ընտանիքին եւ ազգականներուն։