image

Տխուր մեկնումին առիթով. Նուիրեալ եւ գործունեայ կրթական մշակ Նոյեմի Թագւորեանի յիշատակին

Տխուր մեկնումին առիթով. Նուիրեալ եւ գործունեայ կրթական մշակ Նոյեմի Թագւորեանի յիշատակին

Անոր յիշատակը վառ ու կենդանի մնան, իր զաւակներուն՝ Արամին եւ Երուանդին ընտանիքներուն ու թոռներուն՝ Ալեքին ու Վարանդին, քրոջ՝ Սոնային ու Վարդանին, ինչպէս նաեւ Պէօյիւքեաններուն մօտ։

Խունկ եւ աղօթք իր անմար յիշատակին։

Լիբանանահայ հրապարակագիր եւ «Զարթօնք» օրաթերթի երկար տարիներու վաստակաշատ խմբագիր Պարոյր Աղպաշեանի էջէն կը կարդանք ՝

Ցաւալի ու վշտալի կորուստ մըն էր ՆՈՅԵՄԻ ԹԱԳՒՈՐԵԱՆի անակնկալ մեկնումը, թէեւ ատենէ մը ի վեր ունէր առողջական հարցեր, բայց, յաղթահարող էր, ի գին իր հարազատներուն ու մերձաւորներուն հանգստաւէտութեան եւ անդորրութեան։

֍֍֍

Նոյեմին եւ իր սիրելի կողակից՝ Յովսէփը, ինծի ծանօթ էին, հայրենիքէն, ուր՝ Նոյեմին, որպէս սփիւռքահայ ուսանող, կը յաճախէր Աբովեանի անուան մանկավարժական ինստիտուտը, իսկ ես՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական ճիւղը, հետեւաբար, որպէս լիբանանահայեր եւ հայագիտական ուսմունքի հետեւորդներ, նաեւ՝ ատեն մը, նոյն թաղամասին բնակիչներ, արդէն մտերմութիւն մը կար մեր միջեւ։

Յետ մեր շրջանաւարտութիւնը, ապա, կրթական ասպարէզի ծառայողներ, յատկապէս՝ ՀԲԸ Միութեան վարժարաններէն ու շրջանակներէն ներս, մեր ծանօթութիւնը, մօտիկութիւնն ու բարեկամութիւնը, միշտ ալ մնացին ջերմ եւ յարատեւ, յարգալիր վերաբերմունքով, անկեղծ զգացումներով, մասնագիտական առումներով, կրթական ոլորտներով եւ, ընդհանրապէս, ազգային-հայրենական-գաղափարական նոյնանման սեւեռումներով։

Յետագային, միութենական-ակմբային կեանքի բերքառատ ու խոստմնալի ժամանակներուն, Նոյեմիին կրտսեր զաւակը՝ ԵՐՈՒԱՆԴ ու իմ կրտսեր դուստրս՝ ՀԵՐԱն, պսակադրուեցան եւ ընտանիք կազմեցին, նոր աշխարհ մը բանալով բոլորին առջեւ, մանաւանդ ծնունդովը՝ հոգեհատոր ՎԱՐԱՆԴին, որ անմար լոյս ու ջահ բերաւ մեր ընտանիքներուն, դէպի աւելի բարօրութիւն եւ երջանկութիւն։

Հայրենիքի սէրը եւ երէց զաւկին՝ Արամին մօտ ըլլալը ու նաեւ վայելելը անոր ընտանիքին ու զաւկին՝ Ալեքսին հետ ըլլալու սիրոյ մարմաջը, զինք մղեց փոխադրուիլ Հայաստան, հիմնական բնակութեամբ, մանաւանդ՝ կորսնցնելէ ետք, ամուսինը՝ Յովսէփը։

ՀԲԸ Միութեան Լեւոն Կ. Նազարեան վաժարանը եղաւ, իր կրթադաստիարակչութեան «հաւատոյ հանգանակ»ը, ուր պաշտօնավարեց ամենայն սիրալիրութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պատրաստելով մտացի ու խելացի սերունդներու փունջ մը, որուն մեծ մասը զինք կը յիշէին ակնածութեամբ եւ երախտագիտութեամբ։

Տիկ. Նոյեմին, Նազարեան վարժարանէն թէ Միութեան շրջանակներէն ներս, ճանչցուած էր, իբրեւ գործունեայ ու ժրաջան ուսուցչուհի եւ անդամուհի, որ միշտ պատրաստ էր ծառայելու, նուիրուելու եւ աշխատասիրելու, հոն՝ ուր իր ներկայութիւնը անհրաժեշտութիւն մը եւ օգտակարութիւն մըն էին, առանց վարանումի եւ ընկրկումի։

ՀԲԸ Միութիւնը ու ԹՄՄը, իրեն համար դպրոցներ էին, ոչ միայն ուսումնապէս կամ դաստիարականօրէն, այլ նաեւ գաղափարականօրէն, որոնց կառչած էր էականօրէն ու սերտօրէն, չխնայելով ոչ մէկ ճիգ, ջանք կամ պատրաստակամութիւն, իր կարողութիւնները եւ ունակութիւնները բերելով ամենուրէք։

Իր ամենէն տխուր պահը, մղձաւանջը այն էր, որ՝ ամուսնոյն մահէն ետք, կրթական պաշտօնավարութիւնն ալ աւարտեցաւ, իսկ ատիկա, իրեն մեծ ցաւ մըն էր, որովհետեւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, Պէյրութ թէ Երեւան, ան ապրած ու շնչած էր՝ դպրոցով, դաստիարակութեամբ, դասաւանդութեամբ, կրթութեամբ, զանոնք նկատելով, իր անմիջական ու սրտամօտիկ լուսաւորական աղբիւրները, սակայն, առանց տրտունջի ու մրմունջի համակերպեցաւ նոր եւ իրեն համար անյարիր պայմաններուն։

Այսօր, Նոյեմին մեկնած է դէպի երկնային արքայութիւն, ճիշդ է, իր հարազատները ձգելով անմխիթարական վիճակի մը մէջ, բայց, այն գոհունակութեամբ, որ՝ իր ետին ձգած է անոյշ յուշեր, իբրեւ ծառայասէր, հիւրասէր, ընկերասէր ու հաւատասէր հայորդուհի մը։

Անոր յիշատակը վառ ու կենդանի մնան, իր զաւակներուն՝ Արամին եւ Երուանդին ընտանիքներուն ու թոռներուն՝ Ալեքին ու Վարանդին, քրոջ՝ Սոնային ու Վարդանին, ինչպէս նաեւ Պէօյիւքեաններուն մօտ։

Խունկ եւ աղօթք իր անմար յիշատակին։

 

Պարոյր Աղպաշեան 

(Պէյրութ)