image
Հրատապ լուրեր:

«Ո՛չ ԼԵՄ-ական էիր եւ ո՛չ ալ կուսակցական, բայց մասնակցեցար հայ թաղերու պաշտպանութեան»

«Ո՛չ ԼԵՄ-ական էիր եւ ո՛չ ալ կուսակցական, բայց մասնակցեցար հայ թաղերու պաշտպանութեան»

Ինծի համար շատ տարօրինակ կը թուի յօդուած մը գրել` առանց քու կարծիքդ առնելու: Աւելի՛ն. ինծի համար շատ խորթ կը թուի գրել քու մասիդ, որովհետեւ չէիր սիրեր խօսիլ քու եւ քու յաջողութիւններուդ մասին:

Պարզ, համեստ, ընկերասէր եւ կատակասէր անձ մըն էիր: Կը սիրէիր շուրջիններդ պահել ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ: Չէիր նեղացներ մէկը, նոյնիսկ երբ անոնք սխալած ըլլային:

Փոքր տարիքէդ կորսնցուցիր հայրդ եւ ձեր տնտեսական նեղ վիճակին պատճառով չկրցար շարունակել ուսումդ: Սակայն ուսման հանդէպ ունեցած տենչդ քեզ մղեց ինքզինքդ զարգացնելու` յարատեւ կարդալով եւ պրպտումներ կատարելով:

Պատանի տարիքէդ նետուած ես թատրոնի աշխարհ: Հազիւ 15 տարեկանիդ ստանձնած ես առաջին դերդ` ծեր մարդ մը «Յարդէ գլխարկը» թատրոնին մէջ: Այնքան լաւ մարմնաւորած ես այդ կերպարը, որ 2018-ին` մեծարանքի երեկոյի* ընթացքին դոկտ. Մովսէս Հերկելեան նշեց, որ «Անդրանիկ Ծառուկեանի նման դժուարահաճ մտաւորականի մը ուշադրութիւնը գրաւած [ես] [քու] առաջին դերովդ»:

Ստանձնած ես զանազան դերեր` հայկական եւ լիբանանեան թատրոններու եւ պատկերասփիւռի ֆիլմաշարերու մէջ: Բոլորն ալ կատարած ես լի ու լի եւ կրցած ես զանոնք մարմնաւորել, ինչպէս որ պէտք է: Վերջին դերդ ստանձնեցիր 2019-ի դեկտեմբերին, Գէորգ 4-րդ կաթողիկոսի կերպարը` «Կոմիտաս» թատերախաղին մէջ: Ինծի համար շատ հաճելի էր քեզ տեսնել բեմին վրայ:

Երկար տարիներ շարունակ ծառայած ես Համազգայինի մէջ` իբրեւ «Գասփար Իփէկեան» թատերախումբի դերասան, Շրջանային վարչութեան անդամ, «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի հիմնադիրներէն մին ու վարչութեան անդամ: Փոքր տարիքէդ մաս կազմած ես դպրաց դասին, իսկ վերջին տասնհինգ տարիներուն` Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ ժամանակ մը` շրջանի Դատական խորհուրդին:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, հակառակ անոր որ ո՛չ ԼԵՄ-ական էիր եւ ո՛չ ալ կուսակցական, սակայն չտատամսեցար եւ մասնակցեցար հայահոծ շրջաններու ինքնապաշտպանութեան աշխատանքին:

Հպարտ ու բախտաւոր եմ քեզ հայր կոչելուս: Յիշատակդ պիտի մնայ անթառամ:

Խունկ ու մոմ յիշատակիդ:

 

*27 մարտ 2018-ին, թատրոնի միջազգային օրուան առիթով, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին վարչութիւնը մեծարեց թատրոնի հինգ գործիչներ, որոնցմէ մէկն էր Յակոբ Գալայճեանը:

 

Յակոբ Գալայճեանի յիշատակին 

Նիւթը՝  «Ազդակ»էն: